Ռէալ Վայատոլիտի համակիրները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին:
«Մարքա»-ի համաձայն, 16 հազար հանդիսատեսները թրիպիւններուն վրայ ցուցադրած են կարմիր քարտեր` իրենց բողոքը արտայայտելով տեսակրկնապատկերներու ՎԱՐ համակարգին դէմ:
Սուլոցներով տեղի ունեցած այս բողոքի ցոյցը տեւած է 2 վայրկեան:
Այս մրցումին Ռէալ Վայատոլիտ յաղթեց 2-1 արդիւնքով:



