Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

December 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեանի, ՇուՇի նորակազմ խումբը շաբաթ, 10 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կայացուց իր անդրանիկ ձեռնարկը` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած ցուցահանդէս¬վաճառք:

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին տիրական էր հայկական դրոշմը, որ կ՛արտացոլար ցուցադրուած զարդեղէններուն ընդմէջէն: Պէտք է նշել, որ այս առիթով յատուկ Հայաստանէն հրաւիրուած արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանի գործերը իբրեւ հայկականութեամբ օծուն ապակեղէններ, Նոր տարուան զարդեր, գաւաթներ եւ այլ իրեր, յատուկ կերպով ուշադրութիւն կը հրաւիրէին: Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Շահէ Տէր Յարութիւնեան, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Կարս¬Արա Գուրճաքեանը, Կարինէ Զոպեանը, Յարութ Տեմիրճեանը, Հենրին, Զմմառու վանքի գինեգործարանը, Քարիթասը, Քատմուս փրոճեքթը, Թալին Մխսեանը, Թալին Հանեշեանը, ՀայՖուտը, Թրէյտ փլասը, Զուս ուետինկը:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթով ՇուՇի¬ի հրաւէրին ընդառաջած հայրենի արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանին, ինչպէս նաեւ միւս մասնակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց վստահութեամբ թիկունք կանգնեցան այս ծրագիրին:

Ր. Տեմիրճեան հաստատեց, որ ՇուՇի¬ն հայութեան ժառանգութեան պահապանն է, անոր պատկանելիութիւնը հայկական է, պատրաստ է գործակցելու ազգային գաղափարին շուրջ համախմբուողներուն հետ: Ըստ անոր, այս խումբը պիտի ըլլայ դէպի արմատներ առաջնորդող, նորութիւններ բերելով հանդերձ պահպանէ հայկական արժէքներն ու ժառանգութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ ուրախութիւն արտայայտեց հայադրոշմ եւ հայաբոյր այս ցուցահանդէսին առիթով` հաստատելով, որ քաջալերական է տեսնել հայ արուեստին ու մշակոյթին կառչածութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ սրբազան գործ է հայկական արժէքները պահպանելն ու անոնց կառչիլը, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի է հայը հայ պահել:

Նարեկ վրդ. Լուիսեան նշեց, որ հայկականութեամբ լեցուն զարդերով լիբանանահայութեան տուները եւս հայկական ոգիով պիտի լեցուին: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի նման բնոյթի նախաձեռնութիւններուն` կոչ ուղղելով միշտ պահել հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքները:

Ապա ՇուՇի խումբին կողմէ վստահութեան երաշխիք հանդիսացող յուշանուէրներ յանձնուեցաւ Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեաններուն:

Նշենք, որ կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, սրահին մէջ ուրախ եւ տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծեց «Ուրախ տարեդարձ» խումբը:

Հայկական զարդերու, ուտելիքներու եւ այլ իրերու ցուցահանդէս¬վաճառքը կը շարունակուի մինչեւ երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2011, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00¬էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ – ՍԵՐԳԷՅ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. «ՔԱԼԵՆՔ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՈՎ»

Յաջորդը

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԵԶԻՔԵԱՆՆԵՐ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ «ԱԶԴԱԿ»-Ի 2012-Ի ԱՄԱՆՈՐԻ ԲԱՑԱՌԻԿԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.