Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համացանցը Երբեմն Հմայող Լոյս Ալ Կը Բերէ

February 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Պ.

Համացանցը տնավարի շատախօսութեան բեմ է: Երբեմն ալ լոյս կը բերէ:

Այսօր պատմութիւն սորվեցայ: Երանի ուրիշներ ալ, փոխանակ խորհելու, որ պատմութիւնը իրենցմով կը սկսի, ըսուածն ու գրուածը լսեն, առաջ երթալու համար երբեմն ալ ետ նային:

Ռաֆայէլ Համբարձումեանը չեմ ճանչցած: Երբեմն իր անուան կը հանդիպիմ համակարգիչիս պատուհանին մէջ երեւցող նամակներու (մէյլերու) շարքին: Այսօր կարճ գրութեամբ մը պատմութեան ուշագրաւ դաս մը տուած էր: Իր գրութիւնը ղրկած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան: Կը յուսամ, որ կը կարդան, եւ շատեր ինծի պէս կը զարգանան:

Ռ. Համբարձումեանի կարճ գրութեան մէջ ուսանելի տեղեկութիւններ կան մեծերու եւ փոքրերու համար:

Հայ բանակի օրը նշուած է Հայաստանի մէջ: Սփիւռք(ներ)ն ալ արձագանգեց:

Ռ. Համբարձումեան կատարած է պատմագիտական պարկեշտ ճշդումներ, զորս հասկնալով եւ անոնց հետեւելով` մենք մեզ կը ճանչնանք, ինչ որ քաղաքական հասունացման քայլ է: Մէկ էջ գրութենէն կը ստացուին տեղեկութիւններ, որոնք կը հարստացնեն մեր ներկան եւ ըմբռնումները:

Ա.- Հակառակ մեր անմիջականէն բխած օրաթերթային ըմբռնումներուն` հայոց պետական բանակի վերականգնումը վերանկախացման շրջանի` 1992 թուականին տեղի չէ ունեցած, ինչպէս կ’ըսուի: Կը կարդանք, որ 26 յունիս 1918 թուականին «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնում հիմնադրուած ռազմական նախարարութիւնը արձանագրեց ո՛չ թէ հայոց բանակի ԾՆՈՒՆԴԸ, այլ` ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ»: Ուրեմն հարիւր տարի առաջ կատարուած է հայոց բանակի վերականգնումը: Ինչո՞ւ վերականգնում:

Բ.- Կը կարդանք. «Հայոց պատմութիւնը սկսւում է Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնից 2492 տարի եւ մեզանից  աւելի քան 4509  տարի առաջ, Հայոց  Մեծ  թուարկանութեան նաւասարդի 1-ին, այսօրուայ տոմարով` օգոստոսի 23-ին, Հայկ նահապետի ԱԶԱՏԱՄԱՐՏՈՎ»:

Գ.- «Աւելի քան ՉՈՐՍՈՒԿԷՍ հազարամեայ հայոց բանակը ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ «27 տարեկան է» ասել-յայտարարելը լինելով ողբալի տգիտութիւն` ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷ՛Ն նաեւ հայոց պատմութեան պղծագործութիւն է, որից Հայաստանի իշխանութիւնները ԱՆՅԱՊԱՂ պէտք է զտուեն»:

Դ.- «Այնպէս որ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է ԱՆՅԱՊԱՂ չեղարկի յունուարի 28-ը  հայոց բանակի հիմնադրութեան տօն նշանակելու անտեղեակութիւնը եւ հայոց պետական բանակի վերականգնումի եւ տօնախմբումի տօն նշանակի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ազդարարած հայոց բանակի վերականգման օրը` յունիսի 26-ը, երբ կառավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար նշանակեցին կուսակցական զօրավար Հախվերդեանին»:

Այս ճշդումները ոչինչով կը նուազեցնեն հայոց բանակի իրագործումները եւ արժէքը: Ընդհակառակն, կը զարգանայ շարունակութիւն եւ հաւատարմութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը` ըսելու համար, որ Հայաստանը Խաղաղականի կղզիներու «պանանային հանրապետութիւն չէ», այլ` դարերու խորքէն եկած ազգի մը պետութիւն:

Հայոց բանակը պատմութիւն ունի, Հայկ նահապետէն մինչեւ մեր օրերը: Այս գիտակցութեան զարգացումը հայ զինուորին եւ հայ մարդու միտքին եւ հոգիին մէջ ինքնավստահութեան եւ ազգակերտման լուսաւոր ճանապարհ է:

Ռ. Համբարձումեան իր լուսաբանութիւնը ղրկած է Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան: Ինծի պէս շատեր ալ, ինչպէս նաեւ` կուսակցութիւնները, մամուլը, մտաւորականութիւնը, եթէ տեղեակ չէին անգամ, հիմա գիտեն:

Մենք մեզ տեսնելով մեր պատմութեան 4509 տարիներու մայրուղիին վրայ, այս եւ այլ պարագաներու, կ’ամրապնդենք մեր մէկութիւնը` արմատներու վրայ:

Ռ. Համբարձումեանին կատարած ճշդումը գիտոսիկի ինքնացուցադրութիւն չէ, այլ` այն խոր ըմբռնումը, որ ո՛չ նոր պետութիւն եւ ո՛չ նոր ազգ ենք:

Թերեւս օր մըն ալ պէտք է խօսիլ «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» կարգախօսի շարունակութեան մասին եւ ըսել` համազգային բանակ, բազմագոյն սփիւռքներու իրաւ մասնակցութեամբ:

 29/01/2019

Նախորդը

Կոմիտասի Եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-Ա ամեակները Ներառուած Են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Յոբելենական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Մեթթի Տումանեանը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.