Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Լիբանանի Ֆութպոլի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Դարձի Մրցումներուն Նախօրեակին

January 26, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փափաքս Է, Որ Քննադատութիւններու Փոխարէն Կատարուին Քաջալերանքի Խրախուսիչ Խօսքեր» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վաչէ Սարգիսեան

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ինչպէս յայտնի է արդէն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս տարեշրջանին այդքան ալ փայլուն արդիւնքներ չ՛արձանագրեր, այս պատճառով ալ խումբը կը գտնուի Գ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ:

Մեկնելով այս իրողութենէն, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի անցեալի մարզիկ Վաչէ Սարգիսեանին հետ, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն նախօրեակին նշանակուեցաւ մարզիչ:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«Ազդակ».- Վերջին քանի մը տարիներուն կը տեսնենք, որ խումբին դիմագրաւած նեղ պայմաններուն մէջ կը ստանձնէք բաւական դժուար առաքելութիւն մը: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ ունիք ըսելիք մեր ընթերցողներուն:

ՎԱՉԷ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Նախորդ տարեշրջանին ՀՄԸՄ գրեթէ նոյն կացութեան մատնուեցաւ: Թերեւս այս տարեշրջանը քիչ մը աւելի մտահոգիչ է:

Նախորդ տարի, երբ խումբը յաջողեցայ պահել Բ. դասակարգին մէջ, առաջարկեցի, որ եթէ կ՛ուզեն զիս պահել նոր տարեշրջանին, պատրաստ եմ այդ առաքելութիւնը ստանձնելու:

Սակայն, երբ որեւէ պատասխան չստացայ, այլ խումբերու մարզիչի պաշտօններս շարունակեցի կատարել:

Օգոստոս 2018-ին ինծի առաջարկուեցաւ ըլլալ խումբին մարզիչը եւ պատրաստուիլ սեպտեմբերին սկսելիք ախոյեանութեան: Բնականաբար, 15-20 օրուան ընթացքին կարելի պիտի չըլլար խումբը պատրաստել նոր տարեշրջանին: Բացի ատկէ, պայմանագրութիւններ ստորագրած էի այլ խումբերու հետ:

Սակայն, երթի մրցումներուն աւարտին, երբ տեսայ, որ խումբը 11 մրցումներէ ետք առաւելագոյն 33 կէտէն կրցած է ապահովել միայն 4 կէտ, առաջարկեցի, որ ինծի յանձնուի խումբին մարզիչի պաշտօնը, եւ ստացայ դրական պատասխան»:

«Ա.».- Այս կարճ ժամանակամիջոցին ինչպէ՞ս ընթացան պատրաստութիւնները` դարձի մրցումներուն կապակցաբար:

Վ. Ս.- Կարճատեւ ժողովէ մը ետք տեսայ, որ խումբին մարզիկներուն մօտ տրամադրութիւնները բարձր են, եւ անոնց մօտ տիրական է պայքարի ոգին:

«8 յունուարին ստանձնելով մարզիչի պաշտօնը եւ յատուկ փորձեր կատարելով, ի յայտ եկաւ, որ մարզիկներուն մէկ մասին ֆիզիքական պատրաստութիւնը լաւ է, մինչ մեծամասնութեան մօտ` ոչ այդքան լաւ: Օրական երկու անգամ անոնց հետ փորձեր կատարելէ ետք, այժմ կրնամ վստահեցնել, որ անոնց ֆիզիքականը զօրացաւ:

Ներկայիս խումբին մթնոլորտը ՀՄԸՄ-ական ոգի կը բուրէ եւ մարզիչ-մարզիկ-պատասխանատու յարաբերութիւններու մակարդակով որեւէ հարց գոյութիւն չունի: Կը յուսամ, որ միշտ այսպէս շարունակուի, որովհետեւ միութիւնը զօրութիւն է:

«Ա.».- Արդեօք խումբին մէջ նորութիւններ կա՞ն:

Վ. Ս.- Նախքան այս հարցումին պատասխանելը, կ՛ուզեմ նշել, որ խումբը ունի վիրաւոր մարզիկներ, որոնք ապաքինումի ընթացքին մէջ են: Խումբին մաս կազող օտարականներէն մէկը` Սեմի Պիայ մնաց, մինչ հայրենի ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան փոխարինուեցաւ հայրենի այլ մարզիկով մը` յետսապահ Գէորգ Պօղոսեանով:

Խումբին միացուցի նաեւ համալսարանական խումբերու մաս կազմող ֆութպոլիստներ Ռազմիկ Սարգիսեանը, Վարդան Սարգիսեանը եւ Հայկ Աշճեանը:

Մեկնելով իմ ունեցած փորձառութենէս, կու գամ ըսելու, թէ ներկայիս խումբը շատ լաւ վիճակի մէջ է:

«Ա.».- Շատերու համաձայն, խումբը դժուար թէ կարենայ մնալ Բ. դասակարգին մէջ եւ նոյնիսկ հրաշքը չի կրնար փրկել զայն` Գ. դասակարգ փոխադրուելէ: Արդեօք պատասխան մը ունի՞ք տալիք այս պնդումներուն:

Վ. Ս.- Հոս կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ շեշտել հիմնական կէտ մը:

Երբ պատրաստակամութիւնս յայտնեցի ստանձնելու մարզիչի պաշտօնը, շատ-շատեր ինծի ըսին, թէ անօգուտ է կատարածդ եւ դուն քեզի կը նետես կրակին մէջ:

Իբրեւ ՀՄԸՄ-ական, ես կ՛ուզեմ ըլլալ խումբին կողքին եւ անոր օգտակար դառնալ անոր հետ ըլլալով անոր դժուար օրերուն ընթացքին:

Ընկեր մը իր ընկերը (այս պարագային ՀՄԸՄ-ի խումբը) պէտք է յիշէ անոր դժուարին օրերուն եւ ոչ միայն անոր ուրախութեան օրերուն:

Մեր իւրաքանչիւր մրցումը պիտի կատարենք այնպէս, որ կարծես աարտականի մրցում մը ըլլայ: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել շատ կարեւոր կէտ մը: Երբեք ուրիշ խումբերուն հաշիւը պէտք չէ ընենք: Մենք միայն պիտի վստահինք մենք մեզի եւ իւրաքանչիւր մրցումէ ապահովենք երեք կէտ:

«Ա.».- Ուրիշ ըսելիք ունի՞ք ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն:

Վ. Ս.- Նախ շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին այս հարցազրոյցին համար, որուն ընդմէջէն առիթ տրուեցաւ մեզի բազմաթիւ հարցադրումներու լուսաբանութիւններ կատարելու:

Համակիրներուն ուղղելով խօսքս, անոնց կու գամ ըսելու, որ փակեն այդ հին էջը, խումբին կողքին ըլլան անոր դժուարին օրերուն մէջ, իրենց կազմը քաջալերեն մինչեւ վերջին մրցումը: Թէեւ դժգոհ ենք ցարդ արձանագրուած արդիւնքներէն, բայց մեզի կը մնայ տէր կանգնիլ մեր խումբին:

Կ՛ուզեմ նաեւ հետեւեալ պատգամը ուղղել. սիրելինե՛ր, խումբին դէմ ուղղուած քննադատութիւնները օգտակար չեն կրնար դառնալ: Եկէ՛ք բոլորս խմբուինք ՀՄԸՄ-ի խումբին շուրջ, քաջալերանքի խրախուսիչ խօսքեր ըսենք, մնանք ազնիւ «ՀՄԸՄ»-ականներ եւ դաշտ ուղղուելով ըլլանք խումբին 12-րդ մարզիկը:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Առանցքը` Արցախը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Յունուար 2019)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.