Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Անկախութեան շարժումի ղեկավար, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները:
Մուաուատ հաստատեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` կազմելու համար աշխուժ կառավարութիւն մը, որ կարենայ իրագործել բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ դէմ դնել բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Մուաուատ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ան երկրին մէջ հաւասարակշռութիւն հաստատելու եւ ազգային համագործակցութիւնը պահպանելու խորհրդանիշն է: «Իսկ երկրին մէջ հաւասարակշռութիւնն ու ազգային համագործակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու բանալիները կը նկատուին», ընդգծեց ան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր` ընկերակցութեամբ Գիտական եւ երկրագործական հետազօտութիւններու լիբանանեան ազգային խորհուրդի նախագահ դոկտ. Միշել Աֆրամի եւ խորհուրդին մէկ պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին Զաայթեր եւ Աֆրամ շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին որ բացարձակ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ խորհուրդին աշխատանքներուն, եւ զինք հրաւիրեցին ներկայ գտնուելու Թալ Ամարի մէջ (Ռայաք) նոր տարրալուծարաններու բացման պաշտօնական արարողութեան: Անոնք նշեցին, որ այդ տարրալուծարանները Միջին Արեւելքի մէջ իւրայատուկ տարրալուծարաններ են, որոնց բացումը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս ամսուան ընթացքին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ արդիւնաբեր բոլոր մարզերը սերտուած են` անոնց աշխատանքը բարելաւելու նպատակով: Ան ընդգծեց երկրագործութեան մարզին կարեւորութիւնը` ցաւ յայտնելով, որ նախապէս ան հսկայական անտեսումէ տառապած է:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ նման արդիւնաբեր մարզերու նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին պատճառով է, որ երկրին տնտեսութիւնը այսօր կը կաղայ:



