Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան իսկապէս զգայուն փուլէ մը կ՛անցնի` նկատել տալով, որ կարծէք իսկական պետութեան եւ ագարակին միջեւ իսկական պայքար գոյութիւն ունի:
Ան շեշտեց, որ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Պըտնայէլի մէջ պատահածը երկու փուլով արձանագրուած է: Ան ըսաւ, որ առաջինը պատահած է առաւօտեան ժամը 1:00-ին, իսկ երկրորդը` առաւօտեան ժամը 4:00-ին:
«Առաջին փուլին բնակարանիս դէմ կրակոցներուն ընթացքին տունը չէի գտնուէր, սակայն լսելէ ետք այդ մասին ուղղուեցայ բնակարան, ուր երեք ժամ ետք դարձեալ կրակոց արձանագրուեցաւ: Տարօրինակը այն էր, որ երբ տուն հասայ, ոչ ոք ներկայ էր բնակարանին մօտ` հետաքննութիւն կատարելու իմաստով», ըսաւ ան:
Եաագուպ շեշտեց, որ նախանցեալ գիշեր պատահածը յստակ մահափորձ էր, որուն մանրամասնութիւնները կը զետեղէ դատական իշխանութիւններուն եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի տրամադրութեան տակ:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Եաագուպ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման թղթածրարին իմաստով կատարած յայտարարութեան մը ընթացքին հարց տուած է, թէ արդեօք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ հարցով թերութիւն չէ՞ արձանագրած:



