ՈՒԻՍԱՄ Իտի սպանութեան յիշատակին առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Իտի նահատակութենէն ետք անոր իրագործած նուաճումները տակաւին կը շարունակուին Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու Ժիպէյլի մէջ գործադրուելիք կարգ մը բարգաւաճման ծրագիրներ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին տասը օրուան պայմանաժամ շնորհելը` կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին գծով, անպայման պիտի արդիւնաւորուի: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի հաղորդակցութիւններուն կը հետեւի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ ընդգծեց, որ քրիստոնեայ համայնքի մակարդակին վրայ հիմնադիր խորհրդաժողովին մասին լուրջ մտահոգութիւն կայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական երկարատեւ էր` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պէտք է անպայման լուծման մը յանգիլ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ առանց երեսփոխան Միշել Տահերի նախաձեռնութեան, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը իր պարտականութիւնը լրիւ չէր կրնար կատարել եւ Տահր Պայտարի մայրուղին լուսաւորել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին նոր կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին դիմաց:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի թուիթըրեան գրառումով մը մաղթեց, որ կազմուի նոր կառավարութիւն մը, որպէսզի ընթացաւարտ կառավարութիւնը ստիպուած չըլլայ երկրին պետական ամավարկը վաւերացնել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ վերջերս բոլորը կը ցանկան Սուրիա այցելել, «սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք Սուրիոյ կողմէ պիտի հիւրընկալուին», ըսաւ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պէտք է համագործակցութեան յանգիլ` իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ դնելու նպատակով:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մէջ մեծ քանակով թմրեցուցիչ (քոքային) գրաւուեցաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Թմրեցուցիչը փոխադրողները երկու թուրքեր էին, որոնք Ատիս Ապապայէն Պէյրութ եկած էին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան իմաստով երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը դրական է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունենայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` քննարկելու համար ստանձնուելիք նախարարութիւններուն մանրամասնութիւնները:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ», իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ, եթէ քաղաքական ուժերը յետին նպատակներ չհետապնդեն:


