Մելպուռնի մէջ (Աւստրալիա) իր աւարտին մօտեցող տարուան առաջին` Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով երէկ յստակացան աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող երեք մարզիկներուն անունները:

Աղջկանց աւարտական մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ 4-րդ դասուած ճափոնցի Նաոմի Օսաքան եւ 8-րդ դասուած չեխ Փեթրա Քվիթովան:

Օսաքա իր յաղթանակը արձանագրեց Քարոլինա Փլիսքովայի (Չեխիա, 7-րդ) դէմ` 6-2, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով, իսկ Քվիթովա` ամերիկացի Տանիել Քոլինսի դէմ (7-6 եւ 6-0):

Տղոց մրցումներուն, 2-րդ դասուած Ռաֆայէլ Նատալ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Յունաստանի ներկայացուցիչին` Սթեֆանոս Ցիցիփասի (14-րդ) դէմ: Ան արձանագրեց 6-2, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` 1 ժամ 48 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք:
Աւարտականին Նատալ իրեն դէմ պիտի ունենայ Ճոքովիչ – Փուիլ մրցումին յաղթականը:


