Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ. ՊԱՊԻՆ ԵՒ ԻՄԱՄԻՆ «ՀԱՄԲՈՅՐԸ» ԿԸ ՍՐԷ ԱՏԱՄՆԵՐԸ

December 12, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պապին եւ իսլամ կրօնաւորին միջեւ կրքոտ ողջագուրումի պատկերը նաեւ կարճ ատեն մը երեւցած է պաստառի մը վրայ` Հռոմի հռչակաւոր Քասթել Սանթ՛Անճելօ բերդին մօտ, Վատիկանէն ոչ շատ հեռու:

ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱԿԱՄԷՏ ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՊԵՆԵԹՈՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՑՆՑՈՒՄ ՄԸ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ, ԵՐԲ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ՇՈՒԿԱՅ ԻՋԵՑՈՒՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿՐՔՈՏ ՀԱՄԲՈՅՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ: ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԱՅՍ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐԸ ԶԱՅՐՈՅԹԻ ԱԼԻՔ ՄԸ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑԻՆ ԱԶՀԱՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Վատիկան անցեալ ամիս յայտարարեց, թէ պիտի դիմէ իրաւական միջոցառումներու` կանխարգիլելու համար հրատարակութիւնը լուսանկարչական համադրումով ստեղծուած պատկերի մը, որուն մէջ պապը կը համբուրէ իսլամ կրօնաւոր մը: Լուսանկարը պիտի օգտագործուի Պենեթոն նորաձեւութեան տան կողմէ` ծանուցումի արշաւի մը համար:

Սպիտակ տունը եւս դատապարտած է արշաւը, որովհետեւ անիկա լուսանկարչական համակարգչային արհեստագիտութեամբ մը կը պատկերէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ կը համբուրէ Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաոն եւ Վենեզուելայի ղեկավար Հիւկօ Չաւեզը:

Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` հակառակ իտալական հագուստի նորաձեւութեան տան կողմէ տարածուած այն տեղեկութեան, թէ ընկերութիւնը շուկայէն պիտի հաւաքէր համադրուած լուսանկարը, որովհետեւ անիկա թիրախ դարձած էր Սրբազան աթոռին սուր քննադատութեան:

Վատիկան յայտարարեց, թէ իր արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի դիմէր իրաւաբաններու, «որպէսզի անոնք Իտալիոյ եւ արտասահմանի  մէջ դիմեն միջոցառումներու` կանխարգիլելու համար  համադրուած լուսանկարին հրապարակումը լրատուամիջոցներու եւ այլ վայրերու մէջ` իբրեւ մէկ մասը Պենեթոնի ծանուցումի արշաւին»:

Վատիկան կը յայտարարէ, թէ Պենեթոնի կողմէ Պենետիկտոս ժԶ. պապին պատկերումը «ոչ միայն կը վիրաւորէ պապին արժանապատուութիւնը, այլ նաեւ` հաւատացեալներուն զգացումները»:

Պենեթոնի որմազդին մէջ Պենետիկտոս պապը շրթներէն կը համբուրէ Գահիրէի Ազհար մզկիթին կրօնական գլխաւոր առաջնորդ Ահմետ Թայեպը, որ սիւննի իսլամութեան առաջատար ղեկավարներէն է:

Ահմետ Թայեպի մէկ բանբերը` Մահմուտ Ազապ դատապարտած է ծանուցումը` իբրեւ «անպատասխանատու եւ անհեթեթ»: «Ազհար տակաւին երկմիտ է, թէ արդեօք պէ՞տք է հրապարակէ հակազդեցութիւն մը», ըսած է ան:

Ազապի համաձայն, այս տեսակի ծանուցումներու արշաւ մը «իրականութեան մէջ կը վտանգէ տիեզերական արժէքներն ու խօսքի ազատութիւնը, այնպէս` ինչպէս անոնք ծանօթ են Եւրոպայի տարածքին»:

Պենեթոնի ծանուցումը ջղագրգիռ դարձուցած է  Վատիկանը այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ յարաբերութիւնները լարուած են աշխարհի երկու մեծագոյն կրօններուն միջեւ, մինչ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին իր բողոքը կ՛արտայայտէ` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն խոցելի վիճակին համար:

Պապին եւ Ազհարի կրօնական գլխաւոր առաջնորդին միջեւ յարաբերութիւնները շատ լարուած են, մասնաւորաբար այն օրէն, երբ Պենետիկտոս ԺԶ. իր կարեկցանքը յայտնեց Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտի եկեղեցիին դէմ կատարուած յարձակումին զոհերուն:

Այդ ժամանակ պապին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը Թայեպի կողմէ նկատուեցաւ Եգիպտոսի կրօնական հարցերուն միջամուխ ըլլալու կեցուածք մը: Այնուհետեւ Թայեպ որեւէ պատուիրակութիւն չուղարկեց հոկտեմբերին պապին հիւրընկալած միջկրօնական հանդիպումին:

Նախագահ Օպամայի մէկ բանբերը` Էրիք Շուլց «Ա. Էֆ. Փէ.»-ի ըսած է, թէ «Սպիտակ տունը երկար ժամանակէ ի վեր որդեգրած է քաղաքականութիւն մը, որ կը դատապարտէ նախագահին անունին եւ նմանութեան օգտագործումը առեւտրական նպատակներով»:

Պատկերը մաս կը կազմէ Պենեթոնի կողմէ ծանուցումի համաշխարհային նոր արշաւի մը, որ կը կրէ «ԱՆՀԷՅԹ» (առանց ատելութեան) վերնագիրը եւ կը պարունակէ լուսանկարչական համադրումներ, որոնց մէջ քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներ կը համբուրուին իրարու հետ:

Նման լուսանկարներու մէջ կ՛երեւին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, որ կը համբուրէ պաղեստինեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի շրթները եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, որ կը համբուրէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը:

Որմազդները երեւցած են աշխարհի տարածքին Պենեթոնի բոլոր վաճառատուներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` թերթերու մէջ եւ համացանցի կայքերու:

Պենեթոն պաշտպանած է ծանուցումի իր արշաւը` յայտարարելով, թէ անոր նպատակն է «միայն պայքարիլ ատելութեան մշակոյթին դէմ` իր բոլոր ձեւերուն մէջ»:

Ծանուցումի արշաւին առաջին ժամերուն Վատիկան արդէն հրապարակած էր յայտարարութիւն մը` արտայայտելով «ամէնէն բուռն բողոքը սրբազան հօր պատկերին այս ամբողջութեամբ անընդունելի գործածութեան դէմ, որ կը շահագործուի եւ կը չարաշահուի` առեւտրական նպատակներու ծառայող քարոզչական արշաւի մը մէջ»:

«Ասիկա ցոյց կու տայ պապին նկատմամբ յարգանքի ահաւոր պակասը եւ նախատինք մըն է` ուղղուած հաւատացեալներու զգացումներուն, յստակ երեւոյթ մը, թէ ինչպէ՛ս քարոզչութիւնը կրնայ բռնաբարել անձերու նկատմամբ յարգանքի հիմնական օրէնքները եւ գրգռութիւն յառաջացնել`  ուշադրութիւն գրաւելու միտումով», կ՛ըսէ Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտի:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

Յաջորդը

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ. ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻՔ ՉԵՆ ՀԱՒԱՏԱՐ ՊՐԵՒԻՔԻ «ԽԵԼԱԳԱՐՈՒԹԵԱՆ»

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.