
19 յունուար 2019-ին Վանքուվըրի մէջ Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ յանձնախումբի անդամներ Կարին Սաղտճեան, Վարուժան Պասմաճեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան հանդիպում ունեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամ, Քանատայի Խորհրդարանական պատուիրակութեան Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ Տոն Տէյվիսի եւ Քանատայի Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիտ Սինկի հետ:
Հայ դատի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Տոն Տէյվիսի թեկնածութիւնը Քանատայի Դաշնակցային խորհրդարանի 2019-ի ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիտ Սինկի թեկնածութիւնը Հարաւային Պըրնըպիի մասնակի ընտրութիւններուն:
Պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ կ’ակնկալէ անոնց շարունակական աջակցութիւնը Քանատայի հայ համայնքին եւ յատկապէս Արցախի առկայ հարցերուն:
Նշենք, որ մայիս 2018-ին Տոն Տէյվիս Քանատայի խորհրդարանին մէջ ելոյթով մը անդրադարձած էր Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին եւ Արցախի խնդիրի արդար ու խաղաղ հանգուցալուծման անհրաժեշտութեանց:


