ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Պոլիս չեմ ծնած:
Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, 27 տարի առաջ: Կեանքիս մեծ մասի ընթացքին Պոլիսը ինծի համար, այնպէս` ինչպէս սովորական լիբանանահայուն, գրեթէ գոյութիւն չունէր: Լաւագոյն պարագային, պատմութեան խորքէն եկող անուն մըն էր` կցուած այս կամ այն արեւմտահայ բանաստեղծի կենսագրութեան, որուն հետ ես ու ընկերներս առերեսուած ենք դասագիրքերու ընդմէջէն: Կը յիշեմ նոյնիսկ «ծնած է Թիֆլիս, մեռած է Պոլիս» պատանեկան կատակը, զոր կ՛ընէինք` փորձելով վերյիշել այդ կենսագրութիւններէն մէկը կամ միւսը: Այդ էր Պոլիսը ինծի համար. «Կ. Պոլիս»` յաճախ, «Իսթանպուլ»` երբեք:
Օր մըն ալ հայրս տխուր ձայնով մը ըսաւ`
– Հրանդ Տինքը սպաններ են…
– Ո՞ւր
– Պոլիս:
Եւ Պոլիսը դուրս ելաւ Ճեմարանի դասագիրքէս, կտրեց աւելի քան դար մը տարածութիւն, ու եկաւ մօտս` արդէն որպէս իրական վայր, ժամանակակից քաղաք, Իսթանպուլ:
Թէեւ 2013-ի ամրան առաջին անգամ ըլլալով ոտք դրի այնտեղ, բայց շատ կարճ եղաւ այցս ու մակերեսային: Իսթանպուլը, Պոլիսն ու պոլսահայերը տեսնել ու քիչ-քիչ հասկնալ պիտի սկսէի տարի մը ետք միայն, 2014-ի ամրան, երբ առի մինչեւ օրս տեւող ակադեմական ուսումնասիրութեանս առաջին քայլը: Մագիստրոսի վկայականիս համար գրելիք ուսումնասիրութեանս լիցք ու հիմնաւորում տալու նպատակով կատարուած այդ այցս տեւեց 28 օր: Այցելեցի բազմաթիւ եկեղեցիներ, դպրոցներ, խմբագրատուներ, միութիւններ, ընտանեկան օճախներ, վարեցի աւելի քան յիսուն հարցազրոյց` Պոլսոյ մէջ հայկական կեանքի տարբեր երեւոյթներուն մասին: Բայց սա դեռ միայն սկիզբն էր:
2015-ի սեպտեմբերին նորէն գացի Պոլիս` արդէն դոկտորական աշխատասիրութեանս համար երկարաժամկէտ կեցութիւն հաստատելով: Ամբողջ 18 ամիսներ ապրեցայ Քուրթուլուշ հայաբնակ թաղամասին մէջ, թէեւ որոշ կարճատեւ ճամբորդութիւններով գացի Թուրքիոյ արեւելեան քաղաքներ ու գիւղեր եւս: Այդ ընթացքին հաղորդակցութեան մէջ եղայ ոչ միայն աւանդական պոլսահայութեան, կամ «համայնք»-ին հետ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, այլ նաեւ` քաղաքի երկու միւս հայկական հատուածներուն: Խօսքը յետխորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանէն Պոլիս արտագաղթած քանի մը տասնեակ հազարներուն, ինչպէս նաեւ 2000-ականներէն սկսեալ քիչ-քիչ աւելի հանրաճանաչ դարձող մահմետական կամ ալեւի հայերուն մասին է:
Ուսումնասիրական կեցութեան աւարտէն ետք այդ բոլորին մասին արդէն իսկ արտայայտուած եմ որոշ առիթներով, բայց ընդհանրապէս մասնագիտական ակնոցով ու լեզուով` հասարակութիւն, ինքնութիւն, պետութիւն, փոքրամասնութիւն, քաղաքականութիւն եւ այլն: Որքան ալ հետաքրքրական ըլլան ինծի համար, սակայն այդ հրապարակումներէս կամ ելոյթներէս դուրս մնացած է ու պիտի մնայ շատ բան, որ, կը կարծեմ, պիտի հետաքրքրէր ակադեմական հետաքրքրութիւն չունեցող մարդիկը եւս:
«Ի՞նչ տեսար», «ի՞նչ զգացիր», «ինչպէ՞ս էին», «ի՞նչ կը պատմես», «ի՞նչ կար յիշարժան», յաճախ հարցուցին մարդիկ: «Հայերէնո՛վ ալ գրէ», ըսին ոմանք, բայց առիթը չէր եղած, մինչեւ որ քանի մը օրեր առաջ «ԺԱՄԱՆԱԿ» թերթէն ստացայ յօդուածներով աշխատակցելու առաջարկը: Ամանորի նուէր մըն էր թերեւս ինծի, քանի որ իսկապէս խանդավառեց զիս: Վերջապէս առիթ մը ստեղծուեցաւ Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ տեսած ու ապրածս հանրամատչելի կերպով ու հարազատ մայրենի լեզուով թուղթին տալու, վերյիշելու, վերապրելու:
Ամանորէն սկսեալ պիտի բանամ այդ նուէր-տուփիկս, մէջէն քիչ-քիչ դուրս պիտի հանեմ Պոլսէն յիշատակներս, տպաւորութիւններս, խոհերս եւ կիսեմ զանոնք «Ժամանակ»-ի ընթերցողներուն հետ. թող այդ ալ իմ փոքրիկ նուէրս ըլլայ անոնց:
Մտքովս նորէն կու գամ Պոլիս
կամ
յուշերովս կու գամ Պոլիսէն:
«Ժամանակ», Պոլիս



