Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշեր Հալէպէն. Հալէպի Հնգաստղանի Համեստ Իջեւանը

January 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Քանդուեցաւ Հալէպը, այո՛, տուներ ու թաղեր հիմնայատակ եղան, ընտանիքներ ցիր ու ցան եղան եւ նոյնիսկ քայքայուեցան, սակայն Հալէպը կայ ու կը մնայ մեր անջնջելի յուշերուն մէջ` իր մեծութեամբ եւ անցեալով:

Այդ անջնջելի յուշերէն է մեր տան պատմութիւնը: Այո՛, համեստ իջեւան մը եղած էր մեր տունը, բայց հնգաստղանի` մեր հիւրերով:

Կարօ Սասունի եւ Սօսէ Մայրիկ, Հալէպ, մեր տան մէջ

Իմ մանկութեան ու պատանեկութեան յուշատետրիս երիզը դիմացս կը ցուցադրէ Սօսէ Մայրիկը` իր սեւ հագուստով, համեստ ու ազնիւ ժպիտով, ամէն առտու զիս դիմացը առած` կը դիտէր երկար, կարծես կարօտ կար աչքերուն մէջ: Վարդան Շահպազ` այն վեհ ֆետային, իր սպիտակ մազերով ու անխորտակելի ապառաժի նմանող դէմքով քրոջս, եղբօրս ու իմ տիպար ու մեծ հայն էր: Սօսէ Մայրիկ եւ Վարդան Շահպազ իրենց կարճ կեցութիւններով` երկու կամ երեք շաբաթ, մեզ կը փոխադրէին ուրիշ աշխարհ, դէպի այն երազային Հայաստանը, որ կար ու կը մնար «Հայկական լեռնաշխարհ», լեռներ ու հովիտներ, ուր մեր հսկաներէն շատեր ինկած են թուրքին գնդակով, բայց մեզ համար անոնք կան ու կը մնան` իբրեւ Հայաստանի առաջին անկախութիւնը կերտողներ:

Վարդան Շահպազ, Քեսապ, 1935

Մեր վերջին հիւրերն էին տէր եւ տիկին Կարօ եւ Լոլա Սասունիները, որոնք այնքան հմայած էին մեզ:

Մօրս այնքան քնքուշ ձայնով երգած Սայաթ Նովայի երգերը այդ հիւրընկալութեան օրերուն կը դառնային պոռթկումներ` Սօսէին կանչը, որով Սերոբ Աղբիւրը կը վստահեցնէր, թէ միշտ պատրաստ իր ձայնին, կը սպասէր` կողքին կռուելու եւ հետը մեռնելու…

Հայ բնակիչներով խճողուած Սալիպէ թաղը, ուր տեղաւորուած էին հայկական դպրոցներ ու եկեղեցիներ, Ազգային առաջնորդարան եւ մանաւանդ «Արեւելք» օրաթերթի խմբագրատունն ու տպարանը` իր ամէնէն աշխուժ օրերը ապրեցաւ: Այսօր քարուքանդ այդ քարաշէն թաղերը կան ու կը մնան մեր յիշողութեան մէջ` իբրեւ անխորտակելի բերդ: Այո՛, մեր մանկութեան հոգիներուն մէջ «ջան ֆետայիներ»-ու դէմքերն ու ժպիտները կերտեցին մեր հայկական եւ օտարամերժ ոգիները, որ այսօր մենք կը փոխանցենք մեր զաւակներու եւ թոռներու հոգիներուն եւ ոգիներուն:

Կարօ Սասունի, Սօսէ Մայրիկ եւ Մանասէ Բագրատունի (Քերիմ Բագրատունիի հայրը), Հալէպ, մեր տան մէջ
Վարդան Շահպազ, Հալէպ
Վարդան Շահպազ, Աւօ Թումայեան, Կարօ Սասունի

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1969)

Յաջորդը

Թափանցիկ Մտահոգութիւններ

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.