Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Տնտեսական Դ. Վեհաժողովին Նախապատրաստական Աշխատանքները Աւարտած Են. Վեհաժողովի Պաշտօնական Բացումը` 20 Յունուարին

January 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կողմէ հիւրընկալուող Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովի սեմին արաբական երկիրներու պատուիրակութիւններ արդէն իսկ սկսած են հասնիլ Պէյրութ, ինչպէս նաեւ գումարել վեհաժողովին առաջնորդող յանձնախումբերու նախապատրաստական նիստերը:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանան հասան պաղեստինեան, քաթարեան եւ իրաքեան պատուիրակութիւնները` նախարարական մակարդակի ներկայացուցչութեամբ, մասնակցելու համար Արաբական տնտեսական վեհաժողովին:

Միւս կողմէ, կարգ մը երկիրներու նախագահներ, ինչպէս` Թունուզի նախագահ Պաժի Քայէտ Սեպսի, Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ եւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս երէկ յայտնեցին, որ պիտի չկարենան մասնակցիլ Պէյրութի մէջ 20 յունուարին տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին:

Պէտք է աւելցնել, որ կազմակերպական առումով երէկ ե՛ւ կազմակերպիչ մարմինին, ե՛ւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ յայտարարուեցաւ եւ քանի մը անգամ շեշտուեցաւ, որ դէպի Պէյրութ տանող որոշ ճամբաներ փակ պիտի մնան` վեհաժողովին մասնակցողներուն երթեւեկը դիւրացնելու, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Անոնք հաստատեցին, որ ապահովական խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին` Լիբանանի մէջ գտնուող արաբական երկիրներու պատուիրակութիւններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:

Այս առումով Պէյրութի մէջ 18-20 յունուար փակ պիտի մնան Շաֆիք Ուազզանի, Ալենպիի, Մետկալֆի, Ֆրանսուա Հաժի անուան փողոցները, Սթարքոյի, դէպի «Ֆենիսիա» պանդոկի փապուղին առաջնորդող Օմար Տաուքի անուան փողոցը, «Ֆենիսիա», «Հոլիտէյ Ին» եւ «Լը Պերիթ» պանդոկներուն շրջակայքը:

Վեհաժողովը կազմակերպող մարմինը քաղաքացիներէն խնդրեց հետեւիլ ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն` երթեւեկի խճողում չպատճառելու համար:

Ի տես վեհաժողովին առնչութեամբ որդեգրուած այս քայլերուն, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի որոշումով այսօր` ուրբաթ, 18 եւ վաղը` շաբաթ, 19 յունուարին Պէյրութի մէջ գործող բոլոր դպրոցները, համալսարաններն ու արհեստից հիմնարկները փակ պիտի մնան:

Աւելցնենք, որ Պէյրութի մէջ գումարուելիք այս Արաբական տնտեսական վեհաժողովը չորրորդն է: Առաջինը գումարուած է 2009-ին Քուէյթի մէջ, երկրորդը 2011-ին` Եգիպտոսի մէջ, իսկ երրորդը 2013-ին` Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Իսկ վեհաժողովին մասնակցող երկիրներն են. Յորդանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Թունուզ, Ալճերիա, Ճիպութի, Սէուտական Արաբիա, Սուտան, Սուրիա, Սոմալ, Իրաք, Օման, Պաղեստինեան իշխանութիւն, Քաթար, Քուէյթ, Լիբանան, Եգիպտոս, Մարոք, Եմէն, Մաւրիտանիա եւ Լիպիա:

Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, թէ ինք հաստատած է, որ վեհաժողովին ներկայ պիտի չգտնուի, որովհետեւ այդ վեհաժողովը կը կազմակերպուի Արաբական լիկային կողմէ, որ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները չէ սրբագրած:

Ալի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները եղբայրական են, սակայն ի տես Սուրիոյ հաշուոյն Արաբական լիկայի գործած յանցանքին, ապա Սուրիոյ դեսպանատունը վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ապուլ Ղէյթը Եւ Ներկայ Գտնուեցաւ Մար Անթոնիոս Վանքին Մէջ Մատուցուած Պատարագին

Յաջորդը

«Պաքուն Լաւրովէն Կ՛ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցկեանս Դատապարտուած Տիլհամ Ասկերովի Ազատութեան Ուղղուած Ջանքերու Յաւելում» Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.