Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աունի, երէկ Պաապտայի Մար Անթոնիոս վանքին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Անտոնի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:
Մարոնի միաբանութեան աբբահայր Մարուն Ապու Ժաուտէ, նախագահելէ ետք Ս. պատարագին, նախագահ Աունին ըսաւ. «Մենք կարիքը ունինք ձեզի նման պարկեշտ անձերու կառավարութեան մը, որուն կազմութիւնը պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին իրականանայ»:
Նախագահ Աուն իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է անվախ մնան, «որովհետեւ մենք նաւը պիտի չլքենք եւ պիտի փրկենք բոլոր անոնց, որոնք նաւուն վրայ կը գտնուին` առանց արտօնելու, որ մէկը իր հակակշիռին տակ առնէ Լիբանանը»:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը:
Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Աունին Լիբանանի կողմէ Արաբական տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովը հիւրընկալելու առիթով: Ան հաստատեց, որ Լիբանան բացառիկ արհեստավարժութեամբ եւ հոյակապ կերպով կազմակերպած է վեհաժողովը:
Ապուլ Ղէյթ հաստատեց, որ վեհաժողովին արաբական ներկայութիւնը տակաւին չէ յստակացած:
Ան նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է Արաբական տնտեսական վեհաժողովին օրակարգերն ու անոնց տնտեսական ու ընկերային խորքերը: Ան նշեց, որ Արաբական լիկային կարծիքով` վեհաժողովին պատրաստութիւնները ամբողջացած են, եւ կիրակի օր կարելի է աշխատանքի սկսիլ:
Անդրադառնալով լիպիական հարցին` Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Արաբական լիկան այս հարցին միջամուխ չեղաւ` մաղթելով, որ ժողովը յաջողի, եւ Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերը արդիւնաւորուին, որովհետեւ վեհաժողովին արդիւնքները ամբողջ արաբական աշխարհին կը վերաբերին, իսկ վեհաժողովը կը նախապատրաստէ արաբ քաղաքացիներուն օգտակար մթնոլորտ մը:
Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումին մասին Ապուլ Ղէյթ ըսաւ. «Պէտք է խոստովանիլ, որ Սուրիա Արաբական լիկայի հիմնադիր երկիր է, եւ երբ այս գծով արաբական համախոհութիւն գոյանայ, եւ բացասական կեցուածքները վերջ գտնեն, Սուրիոյ օրակարգը կը քննարկուի եւ համախոհութեան պարագային, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը պատրաստ է հրաւիրելու Սուրիան` վերստանձնելու իր դիրքը:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Արաբական առեւտուրի, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի պալատներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Ապտոյի եւ համադաշնակցութեան պատուոյ նախագահ Ատնան Քասսարի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ արաբական աշխարհը կը դիմագրաւէ հսկայական դժուարութիւններ, որոնք արաբական երկիրներուն միջեւ գժտութիւն տարածած են:
Ան հաստատեց, որ այս փուլը տակաւին չէ աւարտած` մաղթելով, որ արաբական սեփական մարզը գիտակցութեամբ գործէ եւ բոլորին միջեւ հաշտութիւն ստեղծէ: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ արաբական երկիրները կարիքը ունին միասնականութեան եւ համախոհութեան` իրենց միջեւ դժուարութիւնները չէզոքացնելու համար:
Նախագահ Աուն գնահատեց արաբական սեփական մարզին մասնակցութիւնը` կերտելու համար միջազգային տնտեսութիւնը` աւելցնելով, որ աշխարհի ներկայ իրադարձութիւնները շատ արագ կերպով կ՛ընթանան, եւ այն, ինչ որ կ՛երազենք, կ՛իրագործուի, «հետեւաբար արաբական երկիրները այս հսկայ բարգաւաճումին նեցուկ պէտք է կանգնին եւ իրենց ներդրումը ունենան բարգաւաճման այդ նուաճումին մէջ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ իրենք մեծ յոյսեր դրած նաեւ արաբ կնոջ դերակատարութեան վրայ` շեշտելով, որ արաբ կինը արաբական ընկերութեան կէսը կը կազմէ եւ անոր դերակատարութիւնը` սեփական մարզի աշխատանքներուն մէջ, աւելի մեծ համեմատութեամբ պէտք է շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ արաբական աշխարհին մարտահրաւէրները աւելի դիւրաւ դիմագրաւել:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պոսնիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկոր Սերնատիչ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացումը:




