Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք այլեւս կառավարութեան կազմութեան նախաձեռնութեան հետ չէ առնչուած` ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիպիական պատուիրակութեան մուտքի արտօնագիրներու հարցով ան պատասխանատո՞ւ է Լիբանանի Ա. եւ Բ. իշխանութիւններուն միջեւ յառաջացած երկփեղկումին համար, Իպրահիմ ըսաւ. «Ինծի համար նախ եւ առաջ երկրին ապահովական կայունութիւնը կարեւոր է»:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ֆաթհի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Ազզամ Ահմետ, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութիւններու դեսպան Աշրաֆ Տապպուր եւ Լիբանանի մէջ Ֆաթհի պատասխանատու Ֆաթհի Ապու Արտաթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ահմետ շեշտեց, որ ներքին պաղեստինեան իմաստով կացութիւնը պայթուցիկ է, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա կրնայ սպառնալ ամբողջ շրջանի խաղաղութեան», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ ինք Սուրիայէն եկած է Լիբանան` հաստատելով, որ Սուրիոյ մէջ պետութեան հաստատած հակակշիռը շատ կարեւոր է, եւ իրենք միասնաբար պիտի դիմադրեն ամերիկեան-սիոնական ծրագիրին:



