Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Խրախճանք` Լիբանանահայ Գաղութի Ծերունիներուն Համար

January 18, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովի կազմակերպած ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով խրախճանքը` լիբանանահայ գաղութի կարիքաւոր ծերունիներուն համար` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ վեր. Հրայր Չոլաքեանի եւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ներկայ էին նաեւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետը, Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու անդամները:

Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Հարպոյեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ, թէ այսօրուան հաւաքը կը պարտինք Հայ համայնքի բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, պատասխանատուներուն եւ ընկերային ծառայողներուն, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն ստեղծելու գեղեցիկ մթնոլորտ  մը երէց սերունդին համար: Ան ըսաւ, թէ հաւաքը սիրոյ եւ օրհնութեան հաւաք է, ապա խօսքը ուղղելով տարեցներուն ըսաւ. «Դուք մեր լաւագոյն յուշարարներն էք, դուք էք, որ կը քաջալերէք երիտասարդներս, որպէսզի կարենանք խանդավառութեամբ շարունակել մեր աշխատանքները, դուք էք, որ մեզի յոյս կու տաք, դուք մեր լոյսի ռահվիրաներն էք: Ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն, թող ժպիտը ձեր դէմքէն անպակաս ըլլայ, եւ արժանանաք քաղաքական խաւի գուրգուրանքին ու աջակցութեան, դուք ձեր փորձառութեամբ եւ համբերութեամբ շատ բան սորվեցուցիք մեզի: Մեր պարտականութիւնն է հոգատար դառնալ ձեզի հանդէպ»:

Այնուհետեւ Ազգային միացեալ վարժարանէն Սելին Ածիլածեան մենապարով մը հանդէս եկաւ, իսկ Արազ Էլէյճեան ապրումով ասմունքեց Ռոզա Պետրոսեանի «Զարկէ՛, լաօ՛» կտորը: Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Կասիա Լեւոնեան սրինգով նուագեց «Կաքաւիկ» եւ «Նուպար-Նուպար» երաժշտական կտորները:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի նեկայացուցիչ վեր. Հրայր Չոլաքեան: Ան խօսքը ուղղելով մամիկներուն եւ պապիկներուն ըսաւ. «Դուք մեր սրտին շատ մօտ էք, ամէն բանէ առաջ Աստուծմէ կը գոհանանք եւ շնորհակալ ենք ձեզի համար, որովհետեւ առանց ձեզի մենք հոս պիտի չըլլայինք: Շնորհակալ ենք ձեր աշխատանքին , ընտանիք պահելուն, ձեր զաւակները եկեղեցի եւ դպրոց ուղղելուն: Ձեզմէ ամէն մէկը իր բաժինը բերած է հայ ազգի գոյութեան պայքարին մէջ: Դուք մեզի, հայ ազգին  համար պիտի աղօթէք, որպէսզի Աստուծոյ շնորհը առատապէս հայ սերունդներուն հետ ըլլայ: Աստուծոյ օրհնութիւնը մեզի հետ է, որովհետեւ դուք մեզի հետ էք: Ձեր ուրախութիւնը մեր ուրախութիւնն է»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան ըսաւ. «Շատ գեղեցիկ է տարեց մայրերուն եւ հայրերուն հետ այս հանդիպումը: Մենք` իբրեւ ընկերային ծառայողներ եւ հոգեւորականներ, այսօր շատ հպարտ կը զգանք տարեցներու ներկայութեամբ: Քրիստոսի Ս. Ծնունդը մեզի կու տայ խաղաղութիւն, սէր եւ միութիւն: Պէտք է աղօթենք, որովհետեւ առանց աղօթքի մենք չենք կրնար շարունակել: Պիտի աղօթենք բոլոր պատասխանատուներուն համար, որոնք ջանք կը թափեն ամէն տարի մեզ համախմբելու»: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Հայը միշտ ժպտադէմ, քաջ եւ առողջ պէտք է ըլլայ»:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս սրտի խօսքով հանդէս եկաւ: Ան ըսաւ. «Ամէն անգամ, երբ Ազգային առաջնորդարանի այս սրահին մէջ առիթ կ՛ունենանք միասնաբար համախմբուելու, կը զգանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ժողովուրդի զաւակ ըլլալ: Այս սրահը առանց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեան կը դառնայ անիմաստ կառոյց մը»: Սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ծերունիներուն ըսաւ. «Այսօր մենք ամէն բանէ առաջ կը վայելենք Աստուծոյ հովանին, դուք ատիկա շատ լաւ գիտէք, որովհետեւ հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն, դուք քաջաբար հասաք մինչեւ այս օրը ոչ թէ իբրեւ առանձին անհատներ, այլ` հայ ընտանիքներու հայրեր եւ մայրեր, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր: Մենք ձեր բոլորին աղօթքին պէտք ունինք»: Ան ըսաւ, թէ կեանքին մէջ բազմաթիւ փուլերու դիմաց կը գտնուինք, տարիքը, առողջութիւնը իրենց պարտադրանքները ունին, բայց ամէնքս առաքելութիւն մը ունինք այս աշխարհին վրայ, պատահականութեամբ չէ որ կ՛ապրինք: Ճակատագրապաշտութեամբ չէ, որ կը գոյատեւենք: Աստուած, ազգը  եւ եկեղեցին մեզմէ իւրաքանչիւրէն ակնկալութիւն մը ունին, եւ մենք մեր մասնակցութեամբ է, որ կը գոհացնենք ամէն բանէ առաջ մեր գիտակցութիւնն ու խիղճը եւ ապա գործով, աղօթքով կը վկայենք, որ մենք կը պատկանինք Աստուծոյ մեծ ընտանիքին:

Սեղաններուն շուրջ խմբուած տարեց մամիկներն ու պապիկները միասնաբար ճաշեցին եւ վայելեցին լիբանանահայ երգչուհի  Շաքէ Պաղտասարեանի ստեղծած զուարթ մթնոլորտը` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին:

Աւարտին բոլոր տարեցներուն բաժնուեցան նուէրներ` տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

Նախորդը

Ընկերային Բաժանմունքի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2018-ի Գործունէութեան Ամփոփում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.