Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՓՈՆԻ ԿՈՂՄԷ 103,500 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ` ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ

December 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ դեսպանատունը 103,500 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին:

Այս առիթով կայացաւ հանդիպում մը Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ` դեսպան Քոյիչի Քաուաքամիի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեանի եւ Մարօ Սալխանեանի միջեւ:

ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ճափոնի դեսպանատան կողմէ կատարուած նիւթական յատկացումին համար, որ պիտի տրամադրուի էքոկրաֆիի արդիական սարքի եւ ոսկրափտութեան մեքենայի գնման, ինչպէս նաեւ շողարձակման բաժանմունքի ընդարձակման: Դեսպան Քոյիչի Քաուաքամի նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ ամիսներուն ՀՕՄ-ի կողմէ Ճափոնի երկրաշարժէն տուժածներուն յատկացուած գումարին համար` փոխանցելով, որ անիկա պիտի տրամադրուի ծնողազուրկ երեխաներուն: Ան դիտել տուաւ, որ իւրայատուկ երեւոյթ է Ճափոնի դեսպանատան կողմէ ԼՕԽ-ի նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքը, որովհետեւ տակաւին չէ պատահած, որ դեսպանատունը 4 անգամ միեւնոյն կազմակերպութեան յատկացումներ կատարէ. անոր համաձայն, այս մօտեցման պատճառը ԼՕԽ-ի նուիրական առաքելութիւնն է, ինչպէս նաեւ` միութեան մատուցած ծառայութեան նկատմամբ գնահատանքի ու քաջալերանքի դրսեւորում:

Հանդիպումէն ետք դեսպանը եւ Թալին Գլպաշեան ստորագրեցին համաձայնագիրը:

«Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ տարուած աշխատանքով ի յայտ եկած է, որ ոսկրայօդային հարցեր ունեցողներուն թիւը բաւական մեծ է, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ այս մարզին յարակից բոլոր մասնագէտները կը գործեն ԼՕԽ-ի մէջ, ուրեմն մասնագիտական գործիք մը ունենալը անհրաժեշտութիւն դարձած է: Անոր համաձայն, այս մեքենան ո՛չ միայն ոսկորներու իրավիճակին մասին մանրամասն պատկերացում կը փոխանցէ, այլ նաեւ կը ճշդէ իւղի եւ մկաններու համեմատութիւնը: Ս. Սաղրեան յայտնեց, որ կարեւոր էր նաեւ էքոկրաֆիի արդիական սարք ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ընդարձակ ու մանրազնին քննութիւն կատարել` թափանցելով մինչեւ մազերակները, նաեւ կնոջական եւ ծննդաբերական պարագաներու առնչուող հարցերու ախտաճանաչումներ ընել:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնը դիտել տուաւ, որ գնուած է նաեւ կեդրոնի կողքի շէնքին մէջ բաժին մը, եւ շողարձակման բաժանմունքը պիտի ընդարձակուի: Ան նշեց, որ Ճափոնի դեսպանատունը 2001 թուականէն ի վեր ցարդ 4-րդ անգամ ըլլալով կ՛օժանդակէ ԼՕԽ-ին` աւելցնելով, որ այս առիթով ԼՕԽ-ի պատուիրակութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է դեսպանին:

 

Նախորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.