Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Էնոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսան, նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց:
Հիւրընկալ կազմին հետ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան:
Քաթարի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող պելճիքական Էյփեն, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ իրանեան Փերսեփոլիսի դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Պելճիքական կազմին հետ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Իվան Եաքան:
Եաքանի մարզիչն է Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Քլոտ Մաքելելէ:



