Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՈՒ ՀԱՄԵՍՏ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՎԱՀԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

December 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գիտեմ մահը բոլորին է,
Բայց կարծեցի զիս պիտի շրջանցէ»
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

Ծառայասէր ՀՄԸՄ-ականներու տերեւաթափը կը շարունակուի: Քառասուն օր առաջ` եղբայր Վահէին անակնկալ մահուան գոյժը տխրեցուց ՀՄԸՄ-ական բոլոր եղբայրները եւ ծանօթները:

Ան մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցաւ` վերջին հրաժեշտ տալով, մեզի ձգելով մեծ հաւատքով սիրած հայրենիքին եւ իր պատկանած ՀՄԸՄ-ին զոհաբերուելու առաքելութիւնը:

Մահուան խորհուրդին ու անխուսափելիութեան շեշտակիօրէն նայողներուն համար անակնկալ չէր Վահէին անժամանակ կորուստը: Իսկ ինքը, իր դիտանկիւնէն, կ՛արհամարհէր գալիք արհաւիրքը, կը շարունակէր իր առօրեան, ոչինչ պատահածի նման` շարունակելով մնալ զինուորագրեալը եւ արթուն պահակը ազգային ու գաղափարական իր տասնաբանեային:

Վահէին ներդրումը եղաւ օգտաշատ, նախ որպէս ֆութպոլի մարզիկ, ապա ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին մարզիչ, որ իր օրով` 1969-1970-ին, Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը նուաճեց վերջին անգամ ըլլալով: Իսկ 1970-ին, Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին, երրորդ դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ-ի խումբը` մարզիչին ու մարզիկներուն ջանասիրութեամբ:

Մենք կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան եւ այսօր մենք ալ մեր կարգին այդ անունը պահելով կու գանք ոգեկոչելու մեր ՀՄԸՄ-ական եղբօր` Վահէ Մինասեանի յիշատակը:

Մէկիկ մէկիկ մեզմէ բաժնուող սերունդը իր գործը աւարտելով կ՛երթայ այս աշխարհէն, բայց կը ձգէ բաց մը, որ հետագային ոչ մէկ սերունդ ի վիճակի պիտի ըլլայ լրացնելու: Անհետացող սերունդը իրեն հետ կը տանի նաեւ պատմական մեր յիշողութիւնը, որ փաստագրական տուեալներէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար:

Խօսելով Վահէ Մինասեանի յատկութիւններու ու շեշտուած հայրենասիրութեան մասին, պէտք է նկատի առնել անոր անբասիր շաղուածքը, բարի ու հայրենասէր ոգին, հարցերը իրենց յատուկ բարեմասնութեան դիտելու կերտուածքը, գաղտնապահ, եսասիրութենէ ու ինքնագովութենէ հեռու մնալու ՀՄԸՄ-ի կերպարը:

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղը առյաւէտ պիտի յիշէ անոր ծառայութիւններն ու վաստակաւոր ներդրումը:

Բազմազան եղած են Վահէ Մինասեանի ծառայութիւնները, զորս ան մատուցեց ամէնուն անխտիր: Յիշելու համար զինք պէտք է վերյիշենք իր կեանքի ճանապարհը եւ բանաստեղծին նման հարց տանք…

«Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ի՛նչ որ տուի, ուրիշին,
Տարօրինա՛կ, ա՛յն միայն…»:

Քիչերու վիճակուած է առաքինութեամբ ապրիլ ու մեռնիլ առաքինութեամբ:

Վահէն բաժնուեցաւ մեզմէ ու գնաց այս աշխարհէն` տալով իր կարելին, սակայն ան մեր յիշողութեան յանձնեց ազգային իտէալի մտածումը, զոր հետագային պիտի կարողանանք իրագործել:

Թրծուած ՀՄԸՄ-ականը այն է, որ կը ցուցաբերէ հոգեկան գոհունակ խանդավառութիւն եւ սրտակցութիւն, աւելի մօտ ըլլալու իր շրջապատին, հաւատարիմ մնալով իր կատարած երդումին ինչպէս նաեւ իր գերադաս մարմիններուն:

Վարձքդ կատար սիրելի՛ եղբայր, հիւրընկալ այս հողը թող թեթեւ գայ յոգնատանջ ուսերուդ:

Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ

Նախորդը

ՀԱՄԱՑԱՆՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ` ԿՈՅՐԵՐԻ ՀԱՄԱՐ

Յաջորդը

ՏԻՊԱՐ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՕԳՕ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.