Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան ՄԱԿ-ի Մօտ Կը Բողոքէ, Իսկ Իսրայէլ Քարաշէն Պատնէշի Կառուցումը Կը Շարունակէ

January 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ բողոքեց ՄԱԿ-ի մօտ, երէկ իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին Ատայսէի մէջ քարաշէն պատնէշի կառուցումը` լիբանանեան բանակին զինուորական պատրաստ վիճակի բերուելուն լոյսին տակ:

Լիբանանեան բանակը պահանջեց վերջին ժամերուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ տեղադրուած քարի 9 շերտերը վերացնել սահմանին վրայէն: Մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հսկեցին ամբողջ Լիբանանի սահմանին` վկայելով իսրայէլեան ուժերուն աշխատանքներու շարունակութեան ու իսրայէլեան հրասայլի մը Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանի մը մօտենալուն:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները եւ կոչ ուղղեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն ու միջազգային ընտանիքը անմիջապէս հանդիպին` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան այդ ոտնձգութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ յստակ խախտում է:

Այս շրջագիծին մէջ, համաձայն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի թելադրանքին, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչը նամակ մը յղեց Ապահովութեան խորհուրդին` մանրամասնօրէն ներկայացնելով Իսրայէլի գործած խախտումները:

Կէսօրին երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ուղղուեցաւ Ատայսէ եւ ստուգեց իսրայէլեան խախտումներն ու ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի դիմադրէ իսրայէլեան այդ խախտումին` քաղաքական թէ այլ մակարդակներու վրայ:

Հաշեմ ընդգծեց «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան» եռեակ տարազին կարեւորութիւնը, որ կրնայ համոզել թշնամին` կասեցնելու իր ոտնձգութիւնները:

Քասեմ Հաշեմ ՄԱԿ-ը պատասխանատու նկատեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն համար` պահանջելով, որ Լիբանանի հողը, ջուրն ու բնական հարստութիւնը ցանկացող թշնամին սանձուի:

Միւս կողմէ, Հասպայայի, Արքուպի, Մերժահիունի, Մազարեհ Շեպաայի, Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն վերեւ իսրայէլեան օդուժը ամբողջ օրուան ընթացքին թռիչքներ գործեց` բացայայտ կերպով ոտնձգութիւն գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Լիբանանեան բանակին կողմէ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան օդուժին կողքին, իսրայէլեան ծովուժը 5 կէտեր խախտելով մուտք գործած է լիբանանեան ջուրերու տարածք` Ռաս Նաքուրայի շրջանին մէջ:

Ի տես բոլոր այս ոտնձգութիւններուն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ կապի մէջ է բոլոր կողմերուն հետ եւ կը փորձէ թիւրիմացութիւնները լուծել: Ան հաստատեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը գետնի վրայ կը հսկեն կացութեան եւ կը պահպանեն սահմանային Կապոյտ գիծը:

Թինընթի ընդգծեց, որ սահմանային շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ թէ՛ իսրայէլեան եւ թէ՛ լիբանանեան կողմերուն հետ կապի մէջ է:

 

Նախորդը

Հարիրի Քննարկեց Լիբանանը Յուզող Հարցեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.