Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Մէջ Ներառական Եւ Զգացական Կրթութեան Ու Դարմանումի Բաժանմունքի Սարքաւորում

January 9, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուալիտ պըն Թալալ» մարդասիրական եւ բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ այցելեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» կեդրոնը, ուր բացումը կատարեց «Զուարթնոց» կեդրոն յաճախող յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու ներառական եւ զգացական կրթութեան ու դարմանումի յատուկ բաժանմունքի սարքաւորման:

«Զուարթնոց» կեդրոնի վերոնշեալ բաժանմունքին բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդի Գէորգեան, մեծ թիւով հոգեւորականներ, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, «Զուարթնոց» կեդրոնի անձնակազմը, աշակերտներն ու ծնողները:

Բացման խօսքը արտասանեց կեդրոնի տնօրէն Վ. Գէորգեան, որ ողջունեց Լէյլա Սոլհը` հաստատելով, որ «Ուալիտ պըն Թալալ» հաստատութեան եւ լիբանանահայութեան միջեւ կայ եղբայրական յարաբերութիւն մը, որ կը խորհրդանշէ սիրելի հայրենիք Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

Վ. Գէորգեան շեշտեց, որ «Զուարթնոց» կեդրոնը կը հոգայ 4-45 տարեկան յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներուն` ի՛նչ համայնքի որ ալ պատկանին անոնք:

Ան նշեց, որ «Զուարթնոց» կեդրոնը պիտի փոխադրուի նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան դպրոցը` զայն միջազգային չափանիշներու համազօր սարքաւորումներով օժտելէ ետք:

Ապա խօսք առաւ Լէյլա Սոլհ, որ ողջունեց հայ համայնքը` հաստատելով, որ «Զուարթնոց» կեդրոնի սարքաւորման աշխատանքները կ՛աւարտին ապրիլ ամսուան ընթացքին:

Ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Աւետիս Կիտանեանին` զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահը իր անունով կոչելու նախաձեռնութեան համար:

Ան հաստատեց, որ 15 տարիէ ի վեր ինք կը գործէ իբրեւ «Ուալիտ պըն Թալալ» մարդասիրական եւ բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, սակայն ոչ ոք մտածած է կամ նախաձեռնած նման քայլի մը: Ան քննադատեց սրահը «քանդելու»-ն ակնարկող յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ այդ սրահին վերանորոգումը կը միտի անոր դէմ գործուած 40 տարուան անտեսումին վերջ տալ:

«Նախարարութեան ապակեայ սրահի քանդումին մասին յայտարարութիւններու արշաւ կազմակերպող կողմերը կը կարծեն, թէ մենք ազգային աւանդ մըն է, որ կը քանդենք, իսկ մեր կատարածը այս սրահը վերակենդանացնելու ծրագիր մը իրագործելն է, եւ ատոր ականատեսը պիտի դառնանք սրահի պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունեց Լէյլա Սոլհը եւ դրուատեց «Ուալիտ պըն Թալալ» մարդասիրական եւ բարեսիրական հաստատութեան գործունէութիւնը` շեշտելով, որ անոնց հետ լիբանանահայութեան յարաբերութիւնը վերանորոգուած է: «Հայ համայնքին եւ Սոլհ ընտանիքին միջեւ յարաբերութիւնը սկսած է նախկին վարչապետ Ռիատ Սոլհի հետ, պետական անձնաւորութիւն մը, որ սիրած է Լիբանանը եւ լիբանանցիները` իրենց բոլոր համայնքներով, պատկանելիութեամբ, շրջաններով ու դասակարգերով, եւ այդ պատճառով ալ նահատակուած է` ի խնդիր Լիբանանի դատին», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով Լէյլա Սոլհին` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ձեր գործունէութեամբ մեզ մղեցիք արժեւորելու մարդ արարածը, որ հիմն է հայրենիքին: Քաղաքական անձնաւորութիւնները կու գան եւ կ՛երթան. ոմանք կը ծառայեն իրենց հայրենիքին, ոմանք կը քանդեն երկիրը, իսկ ուրիշներ ոչ մէկ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն երկրին: Սակայն մարդ արարածն է կարեւորը: Այս հաստատութիւնը քաղաքական պաշտօններու եւ դիրքերու չի ձգտիր: Մենք բոլորս քու եւ «Ուալիտ պըն Թալալ» մարդասիրական եւ բարեսիրական հաստատութեան ու անոր ծառայութիւններուն եւ բարեգործութիւններուն կարիքը ունինք»:

Բացման արարողութեան ընթացքին «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը:

Հանդիսութեան աւարտին Լէյլա Սոլհին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

 

Նախորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Լիբանանցի Երաժշտասէր Հանրութիւնը Հմայեց Ս. Ծննդեան Համերգով

Յաջորդը

Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.