Արդէն 3 տարիէ ի վեր ամառնային արձակուրդներուս կ՛աշխատակցիմ «Ազդակ» օրաթերթին, քանի որ ամբողջ օրը տան մէջ մնալէն կը ձանձրանամ եւ մարդոցմէ զուրկ մնալն ալ կը վնասէ մէկու մը նկարագիրին կերտման: Երբ անցեալ սեպտեմբերին իմացայ այս ծրագիրին մասին, ուզեցի անպայման մասնակցիլ` նախքան մասնաճիւղիս պատանեկան միութեան առաջարկին:
Շատ մը պատճառներով ուզեցի այս ծրագիրին մաս կազմել: Նախ եւ առաջ անիկա լաւագոյն առիթն էր ծանօթանալու ինծի տարեկից նոր ընկերներու, որոնք պիտի գային Լիբանանի տարբեր պատանեկան միութիւններէն: Այլ պատճառ մը, որ զիս մղեց այս ծրագիրին լրագրութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու իղձս էր, հակառակ անոր, որ, հետագային լրագրութեան մէջ մասնագիտանալու մտադիր չեմ: Շատ աւելի ոգեւորուեցայ, երբ լսեցի, որ հանդիպումներ պիտի ունենանք քաղաքական, կրօնական եւ այլ մարզերու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ, որոնց անունը միշտ ունկնդրած եմ ձայնասփիւռէն կամ կարդացած եմ մամուլէն կամ ալ լսած եմ ժողովուրդին բերնէն:
Ճիշդը ըսեմ, որ ակնկալածէս շա՛տ աւելի լաւ ընթացաւ ծրագիրը: Հանդիպեցանք մեծ թիւով պատասխանատուներու, որոնք զեկուցեցին լրագրութեան եւ ընկերային հարցերու մասին: Սորվեցանք ինչպէս քաղաքական լուրի մը ճիշդ մասը քաղել, ինչ որ շատ կարեւոր էր մեզի համար, քանի որ Լիբանանի մէջ գրեթէ բոլոր թերթերը քաղաքական կուսակցութեան մը կը պատկանին, եւ ստիպուած են այդ կազմակերպութեան լաւ դիմագիծը ցոյց տալ, ուստի ընթերցողը պէտք է իւրացնէ այս հմտութիւնը եւ ըստ այնմ դատէ լուրին ճշգրտութիւնը:
Նաեւ սորվեցանք ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ իսկական լրագրողը, որ դժբախտաբար շատ քիչ է Լիբանանի մէջ: Սորվեցանք, որ լրագրութիւնը պէտք չէ անպայմանօրէն առնչուի քաղաքականութեան: Լրագրողը պէտք է ըլլայ առարկայական: Իսկ ամէնէն կարեւորը, սորվեցանք խօսքի եւ մտքի ազատութիւններուն կարեւորութեան մասին:
Յօդուածագրութիւնը լրագրութեան կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկն է: Ասոր մասին շատ մը դասախօսութիւններ լսեցինք բազմաթիւ լեզուաբաններու, լրագրողներու եւ ներկայի ու անցեալի ուսուցիչներու կողմէ: Սորվեցանք կէտադրութեան կարեւորութիւնը գրութեան հասկնալի ըլլալուն մէջ` բաղդատական մը կատարելով շատ եւ քիչ կէտադրուած յօդուածներու միջեւ:
Դեռ շատ երկար է մեր սորվածներուն շարքը, սակայն կ՛ուզեմ այսքանով բաւարարուիլ: Իմ փափաքս է, որ յաջորդ հանգրուանին աւելի մեծ թիւով պատանիներ ու երիտասարդներ մասնակցին այս ծրագիրին, քանի որ այս ծրագիրին ընդմէջէն քաղուածը անպայմանօրէն պէտք կ՛ըլլայ կեանքի մէջ, եւ ինչո՛ւ չէ քիչ մը կը զարգանայ երիտասարդին հայերէն բառապաշարը:
Վերջապէս, կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւններս յայտնել «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան ու անձնակազմին` մասնաւորապէս ընկեր Շահանին ու ընկերուհի Արշոյին մեր առջեւ այսպիսի լայն դռներ բանալու համար:
ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
Մինչեւ այսօր կը յիշեմ… փոքր էի, մօտ 7 տարեկան, երբ մօտաւորապէս հասակիս երկարութեամբ «Ազդակ»-ի սեւ ու ճերմակ ծրարը կը բանայի, ապա, բաւական կորսուելէ ետք անոր հսկայական թուղթերուն մէջ, ամբողջ ծրարը գետին դնելով, ծալապատիկ նստած` կը սկսէի բարձրաձայն լուրերը կարդալ… ինքզինքս կը պատկերացնէի, թէ` «Վանայ Ձայն»-ի լուրերը կը հաղորդեմ…
«Ազդակ»-ը, «Վանայ Ձայն»-ը եւ հայկական մեր ազգային բոլոր կառոյցները միշտ ալ ինծի համար հետաքրքրական վայրեր եղած են եւ միաժամանակ` ձեւով մը մութ վայրեր, որուն աշխատակիցները եւ կամ անդամները ձեւով մը «առասպելական» ուժ ունեցող անձնաւորութիւններ էին ինծի համար…
Կեանքը միշտ անակնկալներով եւ թանկագին պարգեւներով լեցուն է: Անձնապէս որեւէ օր չէի կրնար երեւակայել, որ այդ մութ ու հետաքրքրական վայրը` «Ազդակ»-ի յարկը իմ երկրորդ տունս պիտի դառնայ… ինծի համար բաղձանք մըն էր այդ մէկը… եւ որ «Ազդակ»-ի այդ «առասպելական» ուժ ունեցող աշխատակիցները իմ բարեկամներս պիտի դառնան: Իսկապէս շատ ուրախ եւ շնորհակալ եմ, որ «Ազդակ»-ը իր կարգին եւ մեր միութենական կեդրոնները իրենց կարգին, մեզի առիթը պարգեւեցին ծանօթանալու համար լրագրական կեանքին եւ անոր բոլոր ծալքերուն: Տակաւին «Ազդակ»-ը մեր փափուկ մատներուն մէջ դրաւ զէնք մը, լրագրական մատիտ մը` պայքարելու եւ աշխատելու համար այս լրագրական հսկայական աշխարհին մէջ… Երանութիւն է նաեւ, որ մենք իբրեւ ապագայ լրագրողներ, խրատներ ստացանք այս մարզին մէջ աշխատող փայլուն դէմքերէ, որոնք իրենց փորձառութիւնները մեզ հետ կիսելով` աւելի հզօր զէնքերով զինեցին մեզ: Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդը տարբեր է այլ ազգերէ… Ցեղասպանութեան սուրին տակէն անցած ժողովուրդը, մօտաւորապէս դար մը ետք, օտար ափերու մէջ երիտասարդ լրագրողներ կը պատրաստէ` արդիական ձեւերով Հայ դատին ի նպաստ աշխատելու:
Այսօր, բառերը բաւարար չեն բացատրելու իմ հրճուանքս եւ երախտապարտութիւնս… 13 տարիներ առաջ, «Ազդակ»-ի էջերը դիտելով զմայլած` բարձրաձայն կը կարդայի իւրաքանչիւր տող… Այսօր, ահա այդ նոյն «Ազդակ»-ի մէկ էջին վրայ արդէն տեղ գտած է իմ այս յօդուածս, որ առաջին քայլն է` լրագրական իմ կեանքիս…
ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
«Ազդակ»ի, «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրը ուսուցանելի փորձառութիւն մըն էր, որուն ընթացքին ստացանք այլազան եւ հարուստ գիտելիքներ, ծանօթացանք սփիւռքի եւ հայրենի կարգ մը ականաւոր մարդոց եւ օժտուեցանք վերլուծական եւ քննական որոշ հմտութիւններով: Այս բոլորը եղան ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, կազմելով գեղեցիկ ու հետաքրքրական էջ մը կեանքիս մէջ:
ԼՈՌԻ ԳՈՐԷՍԵԱՆ
«Ես ճշմարտութիւնը գիտեմ, որոնցից մէկն է` ուզում ես գուշակել, տեսնել մի ժողովրդի ապագան, նայիր նրա երիտասարդութեան»: Ճի՛շդ են Գարեգին Նժդեհի խօսքերը: Մենք իբրեւ երիտասարդներ, պէտք է տէր դառնանք մեր ազգային արժանիքներուն: Այս արժանիքներուն մաս կը կազմէ հայ մամուլը:
Այսօր երիտասարդութեան եւ մամլոյ մէջ կը գտնենք խրամատ մը ու այս ծերպը փաւելու համար «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան յղացած հիանալի ծրագիրը «Ապագայ լրագրողներ»-ու մեզի յորդորեց լրագրութեան եւ յօդուածագրութեան հմտութիւն ապահովելու:
Կը հաստատեմ, որ սքանչելի, հետաքրքրական եւ հետեւողական հանդիպումներէ եւ զրոյցներէ ետք, ծրագիրը իրապէս հասաւ իր նպատակին: Մամլոյ հանդէպ 12 երիտասարդներու սէրը զարգացաւ եւ ահա ծրագիրի աւարտին հնձեց տասներկու երիտասարդ աշխատակիցներ:
ՆԱՆԱՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Մօտաւորապէս մէկ տարի անցած է «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի սկսելուն եւ արդէն իսկ հասած ենք այդ ծրագիրի աւարտին:
Այս ծրագիրի ընթացքին լրագրութեան մասին շատ բան սորվեցայ ու աւելի մօտէն ծանօթացայ «Ազդակ» օրաթերթին, անոր բովանդակութեան եւ սորվեցայ օրաթերթին պատրաստութեան մանրամասնութիւնները:
Այս ծրագիրին ընթացքին, առիթ ունեցանք զանազան դասախօսներու հետ զրուցելու, որոնց շարքին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փօլ Հայտոսթեանը, ինչպէս նաեւ այլ դասախօսներ:
Դասախօսութիւններուն կողքին առիթ ունեցայ գիտելիքներս զարգացնելու, իսկ յօդուածագրութեան շնորհիւ բարելաւուեցաւ հայերէնս:
Կը քաջալերեմ հայ պատանիներն ու երիտասարդները` մասնակցելու այսպիսի ծրագիրներու, որպէսզի զարգացնեն իրենց գիտելիքները:
ՀՈՒՐԻ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ
Երազի Իրականացում
Ահաւասիկ այսօր կ՛ըսեմ, թէ լրագրող եմ: «Ազդակ»-ի կազմակերպած «Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրը լրագրութեան դասընթացք մըն է, որ բաղկացած է տեսական, դասախօսական եւ գործնական բաժիններէ: Առիթը ունեցանք հետեւելու թղթակցութեան, հարցազրոյցի, յօդուածագրութեան եւ ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն եւ թեքնիքներուն:
Մօտէն ծանօթացանք նաեւ գրաշարութեան եւ էջադրումի աշխատանքներուն:
Լրագրութեան այս ծրագիրը առիթ տուաւ, որ երիտասարդական խաւը պահուի թերթին մէջ:
Այսպիսով մէկ տարուան ընթացքին, այս հետաքրքրական ծրագիրը կատարուեցաւ շատ յաջող եւ կատարեալ կերպով:
Ինծի համար այս մէկը պիտի մնայ հրաշալի փորձառութիւն, եւ իմ կարգիս պիտի մաղթեմ, որ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ մասնակցի նման ծրագիրի:
Մէկ տարուան համար ունեցայ ընտանիք մը, որոնք սրտբաց, ամէն շաբաթ ընդունեցին զիս եւ սորվեցուցին ինծի եւ ընկերներուս` պարկեշտ լրագրողներ դառնալ:
Այս բոլորը կը պարտինք «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին եւ լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան հսկող «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս ծրագիրը իրագործելու:
ԳՈՀԱՐ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Արդէն իսկ մէկ տարին լրացած է, ու ծրագիրը հասած` իր աւարտին:
Չափազանց ուրախ եմ, որ այսպիսի առիթ մը տրուեցաւ ինծի` մասնակցելու «Ազդակ» օրաթերթի այս նախաձեռնութեան:
Փոքր հասակէս զիս հետաքրքրած է լրագրութեան աշխարհը ու միշտ փափաքած եմ անոր մօտէն ծանօթանալ:
Այդ պատճառով, երբ լուր ստացայ, թէ «Ազդակ»-ը լրագրողական դասընթացքներ ծրագրած է հայ երիտասարդներուն համար, առանց տատամսելու ուզեցի մաս կազմել ծրագիրին:
Անմոռանալի էր առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին մեր պատասխանատուն` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան մանրամասն բացատրեց ծրագիրին մասին:
Ապա ժամը հասաւ անուն մը ընտրելու մեր այս խմբակին, որուն լաւագոյն անուանումը «Ապագայ լրագրող»-ները հանդիսացաւ:
Այս ծրագիրին շնորհիւ, աւելի մօտէն ծանօթացանք լրագրութեան աշխարհին, ծանօթացանք «Ազդակ»-ի կառոյցին: Տեսանք, թէ ինչպէ՛ս կը տպուի օրաթերթը, ինչպէ՛ս կը կատարուին անոր բաժանումները եւ ի՛նչ պէտք էր ըլլար անոր բովանդակութիւնը:
Հետեւեցանք զանազան դասախօսութիւններու, որոնց շնորհիւ տեսակցելու առիթը ունեցանք պատասխանատու խմբագիրներու եւ դէմքերու հետ:
Այս ծրագիրին շնորհիւ զարգացան հայերէն խօսելու եւ գրելու կարողութիւններս ու դարձեալ ամրացան զիս մայրենի լեզուիս միացնող կապերը:
Սորվեցանք նաեւ ո՛ւր, ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս արտայայտել մեր կարծիքները` ճիշդ կերպով ու անկաշկանդ: Այս բոլորը կատարեցինք շնորհիւ խօսքի ազատութեան, որ տրուած էր մեզի եւ որուն մասին Ա. Պալեան շատ կը շեշտէր:
Ծրագիրին սկիզբը «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան շեշտած էր, որ հետեւողականութիւնը այս ծրագիրին յաջողութեան կարեւոր կէտերէն մէկն է: Սակայն քանի մը շաբաթ ետք, պարզուեցաւ, թէ ան պէտք չունէր նոյնիսկ այդ կէտին մասին յիշեցնելու մեզի, որովհետեւ շատ հազուադէպ էին բացակայութիւնները. բոլորս ալ սիրելով կ՛երթայինք «Ազդակ»:
Շատ ուրախ եմ նաեւ, որ մօտիկ ապագային «Ազդակ»-ի մէջ աւելի յաճախ յօդուածներ պիտի գրենք ու պիտի դառնանք «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներ:
Անձնապէս շատ կը քաջալերեմ հայ երիտասարդներն ու պատանիները, որ մասնակցին այսպիսի ծրագիրներու ու իրենք ալ իրենց կարգին աւելի եւս կապուելով իրենց մայրենիին ու գրականութեան` ապրին այս հիանալի փորձառութիւնը:
ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
«Ազդակ»-ը Կը Հնձէ…
«Ոեւէ ազգի մը ապագան անոր երիտասարդ զաւակներն են»
Հայաստան էի. օգոստոս 2017: Աշտարակէն կ՛ուղղուէի Դիլիջան, երբ Պէյրութէն հեռաձայն մը ստացայ: Ընկերուհի մըն էր, որ կ՛ուզէր զիս տեղեկացնել, թէ «Ազդակ» օրաթերթը պիտի կազմակերպէ լրագրութեան վարժողական ծրագիր մը եւ ինք արդէն իսկ առաջարկած է անունս:
Անկեղծ խօսած, պտոյտի խանդավառ ընկերակիցներուս ստեղծած աղմուկին պատճառով, շատ բան չլսեցի խօսուածէն, սակայն պէտք եղածը վեր ի վարոյ հասկցայ եւ ուրախացայ:
Առաջին հանդիպումին տակաւին Լիբանան հասած չէի, երբ լուր ունեցայ, որ մասնակից ընկերները արդէն իսկ ճշդած են մեր խմբակին անունը` «Ապագայ լրագրողներ»: Անունն ինքնին մղիչ էր ու խանդավառեց մեզ. աշխատեցանք այնպէս մը, որ իրապէս ըլլանք ապագացու արժանաւոր լրագրողներ:
«Ազդակ»-ը որեւէ ջանք չխնայեց այս ծրագիրը յաջողեցնելու եւ ստեղծեց այնպիսի ընկերային եւ մասնագիտական մթնոլորտ մը, որ իւրաքանչիւրիս մէջ գտնուող գրելու կարողութիւնն ու փափաքը աւելի եւս զարգացուց: Մեզի համար շաբաթական դրութեամբ «Ազդակ»-ի պատրաստած դասախօսութիւնները իւրօրինակ էին այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր շաբաթ մեզի առիթը ընծայուեցաւ ծանօթանալու զանազան հետաքրքրական նիւթերու եւ այդ նիւթերը ներկայացնող համեստ անձերու, որոնք լրագրողներ էին, տնօրէններ, խմբագիրներ, երեսփոխան, պատմաբան, հրապարակախօս, ուսուցիչներ եւ այլ մարզերու մէջ մասնագէտներ: Բացի լրագրական դասական գիտելիքներ ստանալէ, մենք իրազեկ դարձանք տարբեր նորութիւններու, ծանօթացանք մեր գաղութը յուզող բազում հարցերու, Հայ դատի աշխարհասփիւռ մարմիններու աշխատանքներուն ու կառոյցներուն, արցախեան հիմնահարցերուն, կապեր հաստատեցինք Հայաստան գտնուող ընկերներու հետ, որոնք իրենց կարգին կատարեցին հետաքրքրական փոխանցումներ, հանդիպում մը ունեցանք Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ, որ մեծ սիրով ընդունեց մեզ դեսպանատան մէջ եւ բաւական այլ հաճելի հանդիպումներէ ետք եզրափակիչ հանդիպում մը ունեցանք Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, որուն հետ արծարծեցինք ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
Ինծի համար այս ծրագիրը եղաւ կեանքի անկիւնադարձային փորձառութիւն մը, որ ոչ միայն մեզ դարձուց լրագրող, այլ մեզ ամուր կապերով միացուց «Ազդակ»-ի ընտանիքին, որ ինծի համար շատ մեծ հպարտութիւն է:
Ըստ իս, «Ազդակ»-ը իր լաւագոյնը ի գործ դրաւ պատրաստելու համար ապագայ լրագրողները. մաղթանքս է, որ այս ծրագիրը շարունակուի յաջորդ տարիներուն:
Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել մեր ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեանին, ով իր ընկերային մօտեցումով աւելի եւս հաճելի ու մտերմիկ դարձուց այս ծրագիրը: Շնորհակալութիւն նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, ով բացի այս ծրագիրը իրականացնելէ, զանազան առիթներով հանդիպեցաւ մեր հետ, փոխանցեց գիտելիքներ ու խրատներ եւ մեզ միացուց «Ազդակ»-ի ընտանիքին:
Անոնք հաւատացին երիտասարդ ուժի պատրաստութեան կարեւորութեան, քաջ գիտակցելով, թէ ոեւէ ազգի մը ապագան անոր երիտասարդ զաւակներն են: Եւ ահա, անոնք գտան իրենց յոգնութեան արգասիքը` պատրաստելով «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներ:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Տարբեր տեսակի դասախօսութիւններ լսելէ ու աշխատանքներ կատարելէ ետք, «Ազդակ» օրաթերթը առիթը ընծայեց մեզի` աւելի մօտէն ծանօթանալու «Ազդակ»-ին, լրագրութեան եւ անոր բոլոր կանոններուն, ինչպէս նաեւ հայ թերթի դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:
«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին ընդմէջէն հանդիպեցանք զանազան դասախօսներու, լրագրողներու ու մասնագէտներու, որոնք մեզի յայտնեցին իրենց ապագայի մտահոգութիւնները ու երիտասարդներու դերը` այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մէջ: Անոնք, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքը, քաջ կը հաւատայ, թէ մենք պատրաստ ու զինուած ենք` բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու ու ամէն տեսակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, հետեւաբար մենք ալ մեր կարգին պէտք է հաւատարիմ մնանք անոնց` ինքնաշխատութեամբ, զինուինք գիտութեամբ ու աշխատինք յանուն ապագային: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ»-ին, որ առիթը ընծայեց մեզի մասնակցելու այս աշխատանքին, ընկերային ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ նոր գիտելիքներ ամբարելու եւ տարբեր բնոյթի աշխատանքներ կատարելու:
ՆԱՆԻ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Մէկ տարի առաջ էր, երբ ինծի առիթը ընծայուեցաւ մասնակցելու «Ազդակ»-ի կազմակերպած լրագրութեան դասընթացքին: Միշտ հետաքրքրուած էի նորանոր փորձառութիւններ ունենալու, եւ այդ պատճառով որոշեցի մաս կազմել այդ երիտասարդներու խումբին, զորս անուանեցինք «Ապագայ լրագրողներ»:
Կը յիշեմ մեր առաջին հանդիպումին, «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանը մեզի բացատրեց թերթին տպագրութեան տարբեր հանգրուանները եւ անոր լայնածաւալ գործը: Այսպիսով ծանօթացանք այդ ծանր աշխատանքին, որ կը տարուի ամէն օր տարիներէ ի վեր: Այդ վայրկեանին, զգացի թէ այս փորձառութիւնը շատ մեծ պատիւ մը պիտի ըլլայ ինծի համար, որովհետեւ պատանեկան տարիներէս կը թերթատեմ «Ազդակ»-ը, կը կարդամ յօդուածները, զանոնք հասկնամ կամ ոչ, կը լուծեմ (կամ կը փորձեմ լուծել) խաչբառը առանց մտածելու, որ օր մը ես պիտի ըլլամ «Ազդակ»-ի աշխատանոցին կեդրոնը եւ ներկայ պիտի գտնուիմ դասախօսութիւններու, որոնք տրուեցան փորձառու անձնաւորութիւններու կողմէ: Այս դասախօսութիւնները ընդգրկեցին զանազան նիւթեր, որոնցմէ սորվեցայ շատ մը նոր գիտելիքներ, օրինակ` Հայ դատին մասին, Ցեղասպանութեան արխիւներուն, լուսանկարչութեան, տիպար հայ երիտասարդին եւ շարքը երկար է: Ունեցանք նաեւ գրելու աշխատանոցներ, ուր գրելու փորձեր կատարեցինք, թարգմանեցինք եւ լուրերու վերածեցինք մեզի տրուած նիւթերն ու յօդուածները: Մեզի նաեւ առիթը տրուեցաւ հանդիպելու կարեւոր դէմքերու, օրինակ` Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ, եւ Հայաստանի դեսպան` Սամուէլ Մկրտչեանին հետ դեսպանատան մէջ, որոնց հետ զրուցեցինք Հայաստանի եւ սփիւռքի իրավիճակին մասին, եւ իրենց ուղղեցինք մեր հարցումները: Մեր դասախօսներէն` Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան մեզի հետ կատարեց հարցազրոյց մը, որ սփռուեցաւ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռէն: Հարցազրոյցին ընթացքին մենք խօսեցանք լրագրութեան ճիւղին նկատմամբ մեր հետաքրքրութիւններուն մասին եւ արտայայտեցինք մեր կարծիքները` Հայաստանի եւ սփիւռքի կապին մասին:
Ինծի համար, «Ազդակ»-ի լրագրողական ծրագիրին մասնակից ըլլալը նշանակալից էր, որովհետեւ նոր դռներ բացաւ մտքիս մէջ, զարգացուց կարողութիւններս եւ վստահաբար այս քաղած տեղեկութիւններս շատ օգտակար ու գործածելի են ամէնօրեայ զրոյցներուս ու յարաբերութիւններուս մէջ: Շատ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք այս ծրագիրը իրականացուցին, եւ «Ապագայ լրագրողներ» խումբին վրայ հաւատք ունեցան ու վստահեցուցին, որ մենք պիտի կարենայինք այս աշխատանքը յաջողութեամբ ամբողջացնել:
ԱԼԻՍԻԱ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
Դուն Լրագրութի՞ւն Պիտի Ընես
«Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրը սկսած օրէս մարդիկ այս մէկը կը հարցնէին ինծի: Իրականութիւնը եթէ կ՛ուզէք, լրագրութիւն պիտի չուսանիմ, սակայն անիկա չի նշանակեր, որ այս ծրագիրին պիտի չմասնակցէի:
Նախ եւ առաջ, կ՛ուզեմ ըսել, թէ շատ հետաքրքրական ու գրաւիչ ծրագիր մըն էր: Մէկ տարուան ընթացքին, խումբ մը երիտասարդներով հետեւեցանք բազմաթիւ դասախօսութիւններու եւ աշխատանքներու: Հաւանաբար ձեզմէ շատերը իրենց կարդացած ատեն ըսեն. «Ասոր նայէ՛, դպրոցէն կ՛ելլէ, աշխատանքներ եւ երկար դասախօսութիւններ լսելու համար: Կեանքը թող վայելէ՛, նստեր է պարապ-պարապ դասախօսութիւն կը լսէ»:
Միայն թէ այդ դասախօսութիւններուն ներկայ ըլլայի՛ք: Ձեր աչքերէն մանկական հետաքրքրութիւն պիտի բխէր: Զանազան հայկական եւ միջազգային նիւթեր, որոնք աչքերդ զանազան իրադարձութիւններու վրայ կը բանան: Աստիճանաբար կը սկսիս ուրիշ դիտանկիւնէ մեկնել քաղաքական դէպքերը:
Աշխատանքներն ալ, իրենց կարգին, շատ խանդավառ ոգիով կը ստանձնես: «Ազդակ»-ը քեզի ազատ ձգած է, ուզած նիւթիդ շուրջ կրնաս որեւէ յօդուած գրել: Միտքդ աւելի կ՛արթնցնէ ու կ՛աշխուժացնէ: Կը սորվիս ինչպէս բառերովդ դիմացինին կարծիքդ յայտնել, նոյնի՛սկ եթէ անոր հակառակ գաղափարը կամ միտքը պիտի արտայայտես:
Այս ծրագիրը ինծի աւելի «մարդ»-ու տիպարը ցոյց տուաւ քան «լրագրող»-ի: Իրականութեան մէջ, մեր բոլորին մէջ գաղտնի լրագրող մը կայ, որ իր փայլելու ժամանակը կը սպասէ: Այս յօդուածները մեր անձէն բաժին մըն են, եւ այդ բաժինը բոլոր կարդացողներուն ցոյց կու տանք:
Պատասխանատուները մարդկային արժէքներուն վրայ շատ աշխատեցան, բացատրելու համար, թէ որպէսզի կարենանք լրագրող ըլլալ` ճշմարտութիւնը պէտք է ըսենք, պէտք է իսկական դէպքը փոխանցենք կարդացողին, եւ հարիւր առ հարիւր պէտք է հարցերուն մէջ առարկայական ըլլանք, եթէ լրագրութեամբ կ՛ուզենք աշխարհի վրայ տեղ հասնիլ, որովհետեւ ի՞նչ է իմաստը լուրեր գրելու, երբ գրածդ սուտ է: Լրագրութիւնը շատ զօրաւոր ուժ մըն է, եւ այդ մէկը չարիք գործելու նպատակով երբ օգտագործես, շատ վատ հետեւանքներ կրնան արձանագրուիլ:
Շատ գոհ եմ, որ այս մէկ տարին «Ազդակ» անցուցի եւ կրկին կը փափաքիմ այս ծրագիրին մաս կազմել: «Ազդակ»-ի պաշտօնեաները, իրենց խանդավառութեամբ ու մտերմիկ մթնոլորտով աւելի ախորժակ կու տան` հետեւելու եւ աշխատելու. այդ մթնոլորտը պատճառներէն մէկն էր, որ բնաւ չէինք ձանձրանար: Կը քաջալերեմ սերունդս, որ միանայ այս ծրագիրին, յայտնելով, թէ անգին փորձառութիւն մըն է, եւ կրնայ շատ օգնել կեանքիդ մէջ:
Այո՛, լրագրող պիտի չդառնամ, սակայն լրագրողի աչքով, աշխարհը պիտի փորձեմ շտկել: Այո՜, միտք չունիմ լրագրութիւն ուսանիլ, սակայն միտք ունիմ այս սորվածներս չսպառել: Այո՛ «Ապագայ լրագրող» եմ ու պիտի շարունակեմ այդ անունը բարձր պահել:
Յուսամ այս տպաւորութիւնս կարգ մը անձերու մէջ պահուըտած լրագրողը կ՛արթնցնէ:
ՌՈՒԲԷՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Ազդակ»-ի «Ապագայ Լրագրողներ»-ու խումբին մաս կազմելը իւրայատուկ առիթ մըն էր ինծի եւ իմ բոլոր ընկերներուս համար, մօտէն ծանօթանալու «Ազդակ»-ին եւ ունկնդրելու պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ մատուցուած դասախօսութիւններ, ըլլան անոնք գրական կանոններու մասին, կամ ընդհանուր գիտութիւններու: Մենք կատարեցինք զանազան տեսակի աշխատանքներ եւ գրական փորձեր, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Սակայն ամէնէն կարեւոր բանը, որ սորվեցանք այս մէկ տարուան ընթացքին, այդ ալ հայ երիտասարդին դերն ու կարեւորութիւնն է հայ թերթի պահպանման եւ գոյատեւման մէջ, սփիւռքի զանազան գաղութներու պարագային: Այս խմբակին կտրած երկար ճամբուն ընթացքին մեզի ի յայտ եկաւ, թէ հայ թերթը որքան դժուարութիւններէ կ՛անցնի Լիբանանի մէջ, եւ որքան կարեւոր է որ հայ երիտասարդը տեղեակ ըլլայ այս իրադարձութիւններէն, որովհետեւ հայ երիտասարդն է հայ ժողովուրդի ապագան կերտողը: Այս մեր փոքրիկ խմբակին առիթ տրուեցաւ իսկական լրագրողներու նման աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի «Ապագայ Լրագրողներ»-ը ըլլան նոյնքան փորձառու եւ գիտակցին, Լիբանանի մէջ գտնուող հայ լրագրողին դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն մասին: Խորին շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել «Ազդակ» օրաթերթին, որ այս հնարաւորութիւնը տուաւ մեզի, նշելով որ Լիբանանի մէջ առաջին թերթն է, որ երիտասարդներու համար այսպիսի առիթ կ՛ընծայէ: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց օգնութեամբ նպաստեցին այս ծրագիրի յաջողութեան, եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, որ ոչինչ խնայեց յաջողցնելու համար այս ծրագիրը: Շնորհակալութիւն մեր պատասխանատուին` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանին, որ իր բոլոր ժամանակն ու գիտելիքները տրամադրեց մեզի, եւ իր բոլոր ճիգերը թափեց ամէն տեսակի գրական «զէնքեր»-ով օժտուած հայ լրագրողը կերտելու:
Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորին, եւ ընկերներուս ու իմ անունովս կը խոստանամ, որ ձեր թափած ջանքերուն եւ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք պիտի գոհացնենք ձեզի` մեր կատարելիք գրական գործերով ու աշխատանքներով:
ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
(Շար. 3 եւ վերջ)



