Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Է Ս. Ծնունդի Խորհուրդը

January 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. Ս. ԱՏԱՄ

Հրաշափառ եւ սքանչելի է Ս. Ծնունդի խորհուրդը, որ դարեր շարունակ լուսաշող արեւի մը պէս կը բացուի մեր կեանքի ընթացքին մեր դիմաց:

Մենք կը  հաւատանք, որ Աստուած մարդացաւ Յիսուս Քրիստոսով եւ յայտնուեցաւ համայն մարդկութեան, որպէսզի մարդկութիւնը ազատէ մեղքերու գերեվարութենէն եւ նոր հորիզոններ բանայ անոնց կեանքին մէջ:

Շատ մեծ եւ սքանչելի է այս խորհուրդը: Բեթղեհէմի ախոռին մէջ ծնած մանուկը մարդացեալ Աստուծոյ որդին էր, որ աշխարհ եկաւ մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու եւ Աստուծոյ փառքին բարձրացնելու:

Ան ձգեց երկնային փառքը, որպէսզի մարդոց հոգիներու փրկութիւնը ապահովէ եւ մարդկութեան սնանկացած հոգիները հարստացնէ:

Ան եկաւ` իբրեւ աշխարհի լոյս, որպէսզի լուսաւորէ մարդոց սրտերու խորքն ու մթագնած հոգիները:

Ան եկաւ, որպէս համայն աշխարհի «Խաղաղութեան իշխան», որպէսզի մարդոց սիրտերն ու հոգիները  լեցնէ «սիրոյ եւ խաղաղութեան» շնորհներով:

Ան եկաւ` որպէս  մեր «կենաց հաց», որպէսզի մենք հոգեպէս յաւիտեան չանօթենանք:

Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն` Ս.Ծնունդի  տօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 յունուարին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօն` Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր մկրտութիւնը կամ աստուածայայտնութիւնը, մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:

«Ծնունդ» բառը, մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ, կը նշանակէ «սկիզբ», «ծագում», սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը, քանի որ ան, մեր հաւատքին համաձայն, ոչ միայն կատարեալ մարդ է, այլեւ կատարեալ Աստուած, հետեւաբար «Ծնունդ» ըսելով, կը հասկնանք անոր մարդկային բնութեան սկզբնաւորութիւնը Մարիամի միջոցով: Ասկէ երկու հազար տասնութ տարի առաջ Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս եկաւ` որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած:

Հայաստանեայց առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնը կը սկսի յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին. ճրագալոյցի սուրբ պատարագով կը բացուի խորանին վարագոյրը, եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ ու յաղթական հնչիւններով կը հնչէ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» շարականը, ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ «խթումի գիշեր»:

Խթումի գիշերը խոկումի, աղօթքի, ներելու, մեղքի ու յանցանքի ծանրութենէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւր ներող ու ներեալ մաքուր ու խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:

Յաջորդ օրը`  6 յունուարին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, որուն կը յաջորդէ ջրօրհնէքը` ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան: Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմպելով օրհնուած ջուրը` հաղորդակից կը դառնայ Քրիստոսի մկրտութեան:

Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ տնօրհնէքի արարողութիւնը: Անցեալին Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրէին իրենց տուները կամ աշխատավայրերը` տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով:

Հին ժամակներուն, երբ եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնէր, եկեցեցւոյ դպիրները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՛այցելէին տուները` «Աւետիս» երգելու համար:

«Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս,
Այսօր տօն է Սուրբ ծննդեան, աւետիս,
եփէ, մայրի՛կ, եփէ թանէլի փիլաֆ
հիմա պապան կու գայ, անօթի ծարաւ,
պապային պաստօնը տունը մնացեր,
Սոֆիային աչքը դուռը մնացեր…
Մայրիկ շատ տարիներու»:

Այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանային քանի մը ղուրուշ եւ կամ այլ նուէր: Նոյն «Աւետիս» երգերը կ՛երգէին նաեւ թաղի երիտասարդները, իսկ թաղի պատանիները, պայուսակ մը իրենց ձեռքին, տունէ տուն այցելելով, կը սկսէին «Աւետիս» երգել: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, պտուղներով, ղաւուրմայով եւ զանազան նուէրներով :

Ծննդեան այդ օրը նաեւ Մելքոն ,Գասպար, Պաղտասար, Էմմանուէլ, Մանուէլ, Նազարէթ, Նազար, Աւետիս անունը կրող տղամարդոց անուան տօնն է: Այնպէս որ, անոնց բոլորին տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՛ըլլային, ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք: Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ զատիկ: Ընդունուած սովորութեան համաձայն, Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը երգերու համար եւ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս» երգելով` նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնին առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ-զգեստ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց:

7 յունուարին, ինչպէս եւ` բոլոր տաղաւար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է` մեռելոցը: Անցեալին, 7 յունուարին սուրբ պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէր հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ՛այցելէին հարազատներու շիրիմները:

Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ՛աւարտին 13 յունուարին ` Տիրոջ անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայուելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին:

Ահաւասիկ` Մովսէս Խորհենացիի Ս. Ծննդեան օրհնութեան շարականը, որ դարեր շարունակ կը հնչէ ու կ՛աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը:

Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան Աւետիս աշխարհի:

Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ:

Անբաւելին երկնի եւ երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ`
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՄԵԶԻ ԵՒ ՁԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակուին 8 օր: Այս շրջանը կը կոչուի «Ծննդեան ութօրէք»:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Մոմերը Վառենք…

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.