Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Կոչ Ուղղեց Մասնակցելու Վաղուան Ընդհանուր Գործադուլին

January 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, երէկ գումարելէ ետք իր արտակարգ նիստը, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ վաղը` ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, ընդհանուր գործադուլի օր է:

Համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու վաղուան ընդհանուր գործադուլին, որ պիտի կատարուի Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին, քաղաքացիական ընկերութեան միութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործարարական շրջանակներու կողմէ:

Նիստէն ետք Ասմար շեշտեց, որ ինը տարի անց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելէ ետք, այսօր քաղաքական իշխանութիւնները ութը ամիսէ ի վեր կը փորձեն կառավարութիւն մը կազմել, սակայն ապարդիւն: Նկատի ունենալով, որ երկիրը կ՛ապրի քաղաքական եւ տնտեսական անկումի շրջան մը, մեր իրաւունքն է մղել երկրին իշխանութիւնները` անյապաղ կազմելու երկրին կառավարութիւնը:

Ասմար շեշտեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` փրկելու համար լիբանանցիները:

Օդային փոխադրութիւններու համադաշնակցութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց ուրբաթ օրուան ընդհանուր գործադուլին` հաստատելով, որ ուրբաթ օր առաւօտեան ժամը 9:30-10:30 օդային փոխադրութեան ոլորտը իր աշխատանքը մէկ ժամով պիտի կասեցնէ:

Միւս կողմէ, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ընդհանուր գործադուլը, որ անյարմար ժամանակի ընթացքին պիտի կատարուի եւ երկրին տնտեսութեան յաւելեալ վնաս պիտի պատճառէ:

Շքէյր նշեց, որ միօրեայ գործադուլը լիբանանեան տնտեսութեան շուրջ 100 միլիոն տոլարի վնաս կը պատճառէ:

Նշենք, որ Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ Սայտայի իր գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակցելու կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցին: Ան կոչ ուղղեց ցոյցեր կատարելու նաեւ բոլոր նահանգներուն մէջ:

 

Նախորդը

Բանակը Կը Ձերբակալէ Մեթնի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Միջեւ Գործող ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջ Մը

Յաջորդը

Պըրրի Վերահաստատեց Քաղաքացիական Պետութիւն Մը Հիմնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.