Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլան Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

January 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամներ Մահմուտ Քումաթի, Ալի Տահեր, Մուսթաֆա Հաժ Ալի եւ Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի պատասխանատու Հասան Մըքտատ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս եւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ Հարես Շեհապ:

Հանդիպումէն ետք Քումաթի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած են Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, ինչպէս նաեւ միասնաբար քննարկած են կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Քումաթի հաստատեց, որ Հըզպալլա ոչ ոք պատասխանատու նկատած է կառավարութեան կազմութիւնը արգելակելու յանցանքով` աւելցնելով, որ նման քայլ մը առնելու պարագային կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւելի եւս պիտի բարդանայ:

Քումաթի դիտել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով յոյսի նշոյլներ կը նշմարուին, նոյնիսկ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը քիչ մըն ալ ուշանայ:

«Ռայի պատրիարքին յայտնեցինք, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած քաղաքական բոլոր ուժերը լուրջ են իրենց աշխատանքին մէջ, եւ արտաքին ոչ մէկ խոչընդոտ կայ այս իմաստով, այլ` կան որոշ խախտումներ, որոնք արձանագրուեցան վերջին փուլին, եւ զանոնք լուծելու ջանքեր ի գործ կը դրուին», ըսաւ Քումաթի:

Ան շեշտեց, որ իշխանութեան երեք պետերը կը համագործակցին` ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան, հաստատելով, որ Հըզպալլայի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուած են, եւ ընթացքը փոխըմբռնումի համաձայնագիրին հիման վրայ կը շարունակէ:

Անդրադառնալով կառավարութիւնը գերեվարելու իմաստով Հըզպալլայի դէմ կատարուած ամբաստանութեան` Քումաթի ըսաւ, թէ Հըզպալլա կառավարութիւնը չէր գերեվարած, որպէսզի զայն ազատ արձակէ:

Քումաթի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի եւ ամբողջ Արեւելքի մակարդակով, ընդգծելով, որ այս իմաստով Լիբանան` հակառակ իր աշխարհագրական փոքր տարածութեան, հսկայ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ:

Միւս կողմէ, 1 յունուարին նախագահած իր պատարագին ընթացքին, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` միաժամանակ խանգարելով Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Կեդրոնական Պէյրութի Նոր Տարուան Խրախճանքը Համաշխարհային Մակարդակով Եօթներորդ Դիրքը Գրաւեց

Յաջորդը

Բանակը Կը Ձերբակալէ Մեթնի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Միջեւ Գործող ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջ Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.