
Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ այսօր` 29 դեկտեմբեր 2018-ին, անձրեւները պիտի վերադառնան, սակայն առանց ձիւնամրրիկի:
Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, տեղացած անձրեւներուն զուգահեռ ջերմաստիճանը զգալիօրէն պիտի նուազի:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ առատ կերպով ձիւնէ ծովու մակերեսէն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ:
Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն պահանջեցին, որ ձիւնամրրիկին ընթացքին հետեւին իրենց ցուցմունքներուն եւ եթէ ստիպուած չեն խուսափին լեռնային շրջաններ ուղղուելէ, յատկապէս Տահըր Պայտարի, Թարշիշի, Լաքլուքի, Ֆարայայի եւ Արզի շրջանները:


