Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով երէկ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը:
Ան շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը Լիբանանի հիմնական կառոյցներէն մէկն է, որ ո՛չ միայն լիբանանցիներուն անվտանգութեան կը հսկէ, այլեւ անոնց վարչական գործառնութիւններով կը զբաղի:
Իպրահիմ հասատատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը հսկեն նաեւ Լիբանան հասնող իւրաքանչիւր մարդու անվտանգութեան` հաստատելով, որ ատիկա մեծ յոյս է, որ կարիք ունի ճիգերու, ջանքերու եւ քրտինքի:
Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու պաշտօնէութեան հեռու մնալու քաղաքական տարակարծութիւններէն: Ան ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու սպաներուն պարտականութիւնն է ուղղել իրենց զինուորները եւ ցուցմունքներ տալ անոնց, որպէսզի անոնք իրենք զիրենք զերծ կացուցեն հանրութեան մոլութիւններէն:
Ապպաս Իպրահիմ իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:



