Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այցելեց Պքերքէ, ուր մասնակից դարձաւ մատուցուած Ս. պատարագին, որուն կը նախագահէր Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:
Ս. պատարագէն առաջ հանրապետութեան նախագահը ուղղուեցաւ պատրիարքարան, ուր առնուեցաւ յիշատակի լուսանկար մը, անկէ ետք նախագահն ու պատրիարքը ունեցան կէս ժամ տեւած դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը ըսաւ, թէ լիբանանցիները կ՛ակնկալէին տօնական օրերուն իբրեւ նուէր ունենալ կառավարութիւն մը: Նախագահ Աուն պատասխանեց, որ կառավարութեան կազմութեան դիմաց խոչընդոտ կը հանդիսանայ քաղաքական պայքարը` աւելցնելով, թէ, ըստ երեւոյթին, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները փոխուած են:
Անկէ ետք հանրապետութեան նախագահը կատարեց կարճ յայտարարութիւն մը եւ ըսաւ, թէ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ կան նոր սովորութիւններ, որոնց վարժ չենք, ուստի որոշ ժամանակի կը կարօտի անոնց լուծումը: «Կառավարութեան կազմութեան տագնապ կ՛ապրինք, աղօթեցէ՛ք, որպէսզի դժուարութիւնները հարթուին», յայտնեց նախագահ զօր. Աուն:



