Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան օդային տարածքներէն Սուրիան ռմբակոծումի թիրախ դարձնող իսրայէլեան յարձակումները` ընդգծելով իր հողերն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Սուրիոյ իրաւունքը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ Ապահովութեան խորհուրդին դատապարտելու լիբանանեան տարածքներէն Սուրիան թիրախ դարձնող իսրայէլեան ռմբակոծումները, որոնք Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին յստակ խախտումներ են:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչին ուղղեց իր ցուցմունքները` Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքելու Իսրայէլի դէմ, նկատել տալով, որ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները շրջանին կայունութեան կը սպառնան:
Պասիլ աւելցուց նաեւ, որ իսրայէլեան ռմբակոծումները վտանգի ենթարկած են քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը` աւելցնելով, որ ռմբակոծումները կրնային մարդկային աղէտ մը պատճառել:


