Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանէն Կաղանդ Պապա` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ

December 27, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն երեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց երեւոյթ մը, երբ յանկարծ Հայաստանէն եկած օդանաւէն իջաւ Կաղանդ պապան  եւ  բոլոր ներկաներուն բաժնեց Հայաստանի արտադրութեամբ շաքար եւ տուրմ:

Արդարեւ, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, օդակայանի սպասման սրահին մէջ անակնկալօրէն ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, որ ներկայացուց Կաղանդի յատուկ պարեր, նաեւ տհոլահարներու խումբը նուագեց եղանակներու փունջ մը` Կաղանդի առիթով տօնական յատուկ մթնոլորտ մը ստեղծելով օդակայանին մէջ: Անշուշտ այս ելոյթները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ճամբորդներուն մօտ, որոնց համար նորութիւն էր նման երեւոյթ մը, եւ անոնք մօտենալով մասնակից դարձան ուրախութեան եւ սկսան նկարել ու նկարուիլ պարախումբին հետ: Անշուշտ այս մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապային ժամանումով, վերջինս իր կարգին պարեց պարախումբին հետ` առաւել եւս խանդավառելով մթնոլորտը:

Յայտնենք, որ յայտագիրի տեւողութիւնը կէս ժամ էր, սակայն օդակայանի պատասխանատուները` խանդավառուած այս նախաձեռնութեան ստեղծած մթնոլորտէն, խնդրեցին, որ կէս ժամ աւելի  երկարի յայտագիրը: Հետեւաբար, ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին, պարախումբը եւ տհոլահարներու խումբը անգամ մը եւս պարեցին եւ նուագեցին Կաղանդ պապային հետ:

 

Նախորդը

«Համազգային». 90-ամեակէն Դէպի 100-ամեակ Եւ Անդին. Հիմնադիր Սերունդի Տեսլականով Առաջնորդուելու Կամքով

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.