Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԶՐՈՅՑ` ՀԻՆՑԱԾ ԳՐԻՉԻ ՄԸ ՀԵՏ» (ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 23). (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ)

December 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Պոլսոյ մէջ «Մարմարա» օրաթերթի «Մուրատ Օֆսէթ» տպարանէն լոյս տեսաւ վաստակաւոր գրագէտ եւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի «Զրոյց` հինցած գրիչի մը հետ» խորագրեալ հատորը:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 320 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 97 յօդուածներ, որոնք տպուած են «Մարմարա» օրաթերթին մէջ, յունուար 1992 – դեկտեմբեր 1992 թուականներու միջեւ:

Սոյն հատորին մէջ Հատտէճեան կ՛արծարծէ առհասարակ հոգեբանական եւ ընկերային հարցեր, որոնք կը յատկանշուին իրենց բովանդակած նիւթերուն այլազանութեամբ:

Այսպէս, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ թատրոն երթալու պարագային կամ այլ առիթներով նախընտրելի է գրաւել սրահին առաջին կարգը, որովհետեւ, մօտէն աւելի լաւ կը տեսնենք ներկայացման մանրամասնութիւնները: Կ՛ըսէ, թէ առաջին կարգ գրաւելը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ. օրինակ, երբ նստելու ըլլանք օդանաւի առաջին կարգին մէջ, կը յարգուինք ճամբորդներուն կողմէ` իբրեւ առանձնաշնորհեալ անձեր: Հեղինակը ցոյց կու տայ նաեւ կարգ մը բախտորոշ անպատեհութիւններ, որոնք արդիւնք են առաջին կարգի մէջ բազմած ըլլալու իրողութեան: Կ՛ըսէ, թէ յիշեալ կարգի ճամբորդներն են, որ առաւելաբար զոհ կ՛երթան ճամբորդական արկածներու:

Անդրադառնալով յաւերժութեան գաղափարին` Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ մեր շրջապատին մէջ ո՛չ մէկ երեւոյթ կրնայ յաւերժապէս գոյատեւել: Թէ` բնութեան բաղադրիչ տարրերն անգամ  յաւերժական չեն, որովհետեւ, անոնք դատապարտուած են մեռնելու` ուշ կամ կանուխ: Գիրքերն ու յուշակոթողները եւս, արուեստի շքեղ իրագործումներու նման, պիտի չկրնան յաւերժանալ: Աւելի՛ն. մօրենական սէրն անգամ տարիներու ընթացքին պիտի մնայ ենթակայ յարատեւ փոփոխութիւններու, «իր մէջ անբացատրելի նոր տրամադրութիւններ ստեղծելով նոյն զաւկին հանդէպ», կը վկայէ Ռոպէր Հատտէճեան` եզրափակելով յաւերժութեան մասին իր ըմբռնումը հետեւեալ մտածումով. «Երբ մեր շուրջ սկսինք փնտռել յաւերժականը, որպէս յաւերժական մէկ բան միայն պիտի կարենանք գտնել թերեւս: Յաւերժականին որոնումն է այդ: Արդարեւ, յուսահատօրէն եւ յաւերժօրէն պիտի փնտռենք յաւերժականը, որովհետեւ երբեք պիտի չգտնենք զայն»:

Հատտէճեան գովքը կը հիւսէ այն անհատներուն, որոնք դրօշակիրներն են չփորձուած ճամբաներու: Կ՛ըսէ, թէ դրօշակիրներն են, որ ձեռնարկելով վտանգաւոր առաքելութեան` յոյս եւ ապահովութիւն կը ներշնչեն բոլոր ճամբորդներուն, որոնք օր մը պիտի անցնին անպայման նոյն անծանօթ ուղիներէ` հետեւելով նախորդ դրօշակիրներու ոտնահետքերուն: Ռահվիրաներու նկատմամբ Հատտէճեան իր յարգանքը կը հիմնաւորէ այն գիտակցութեամբ, թէ` «մեր կեանքին մէջ կամ մեր ամէնօրեայ ապրումներուն մէջ գրեթէ չկայ մարզ մը, գետին մը, ուրկէ ներս մենք շատ բան պարտական չըլլանք նախակարապետներու, առաջին դրօշակիրներու, ճամբայ հարթողներու: Միլիառներով մարդիկ կ՛օգտուին այդ սակաւաթիւ դրօշակիրներու բացած ճամբաներէն` առանց մինչեւ իսկ գիտնալու այդ դրօշակիրներուն անունը»:

Ապա հեղինակը կը փորձէ բացայայտել տարբերութիւնը դիւրահաճութեան եւ դժուարահաճութեան: Ըստ իրեն, այս երկու բառերը չունին որեւէ կապակցութիւն գիտութեան կամ տգիտութեան հետ, այլ ունին սերտ առնչութիւն «մարդասիրական զգացումներու հետ», զորս կը յայտնաբերենք արուեստի երախտագէտներու նկատմամբ: Այս յղացքով, Հատտէճեան կը ջատագովէ այն ըմբռնումը, թէ արուեստագէտի գործին մէջ պէտք է փնտռենք գովասանքի արժանի յատկութիւններ: Կ՛ըսէ, թէ արուեստագէտի հանդէպ մեր ցուցաբերած խանդավառութիւնը դիւրահաճութիւն չէ երբեք, այլ` «աննախանձ եւ այլասէր տրամադրութեամբ» դիմացինը ուրախացնելու միջոց: Ահա թէ ինչո՛ւ, ակնարկելով դժուարահաճ մարդոց, Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ դժբախտ է այն անձը, որ արուեստի գործի նկատմամբ «հաւնելու ու խանդավառուելու տրամադրութիւն չունի»: Հեղինակը կը փոխանցէ այն կարծիքը, թէ աւելի դժուար բան է խանդավառուիլ, քան` դժուարահաճ ըլլալ: Ան համոզուած է, որ գործ մը հաւնելով` մենք բաժնեկից պիտի դառնանք արուեստագէտին ուրախութեան եւ սիրենք անոր աշխատանքը` իբրեւ մեր սեփական իրագործումը:

Հատտէճեան կը բացատրէ նաեւ տարբերութիւնը առանձին մարդուն եւ ընկերային մարդուն: Կ՛ըսէ, թէ առանձին մարդը կ՛ապրի ուրիշ անձերէ հեռու: Իր հարազատ ինքնութիւնն է, որ կը տեսնէ միայն: Ան քաշուած է իր սեփական աշխարհին մէջ ու կը վարէ ինքնամփոփ կեանք մը: Իսկ ընկերային մարդը այն միւս մարդն է, որ կը յայտնուի նոյն մարդուն մէջ, երբ ան կը վայելէ ընկերակցութիւնը ուրիշ անձերու: Պատկերաւոր բացատրութեամբ, Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ` «առանձին մարդը, բուն իսկ մարդը, կերպով մը դերասանն է, որ բեմէն իջած է եւ դերասանութիւն չ՛ըներ: Ընկերային մարդը դերասանն է, որ հանդիսատեսին դիմաց բեմ ելած է»: Կ՛ըսէ, թէ այս երկու անձերը նոյն էութեան մաս կազմելով հանդերձ, երբեք չեն նոյնանար իրարու հետ: Թէ` մենք ի ծնէ եղած ենք առանձին մարդ: Իսկ մեր ծնողներն ու ուսուցիչները եւ մեր ակնկալութիւններն են, որ սորվեցուցած են մեզի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընկերային մարդ ըլլալ եւ մնալ ենթակայ` ընկերային կեանքի պարտաւորութիւններուն:

Շարունակելով պարզել այն տարբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին կեանքի այլազան երեւոյթներուն միջեւ, Ռոպէր Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ օրաթերթ կարդալ` չի նշանակեր ընթերցասէր ըլլալ: Ընթերցասիրութիւնը առնչուած է միայն գիրք կարդալու հետ, բայց ոչ` օրաթերթ: Մենք ամէն օր օրաթերթ կը կարդանք պարտադրաբար, բայց գիրք կարդալը պարտաւորիչ չէ, զայն կը կարդանք յօժար կամքով: Ընթերցասէրը գիրքէն կը ստանայ կարդալու հաճոյքը: Ահա թէ ինչո՛ւ կանոնաւոր կերպով ան գիրք կը գնէ գրախանութներէն` գոհացում տալով կարդալու իր բուռն փափաքին: Ընթերցասէրը իր գնած գիրքը փողոց չի նետեր, այլ բազում անգամներ կարդալէ ետք զայն խնամքով կը պահէ իր գրադարանին մէջ: Մինչդեռ տարբեր է պարագան օրաթերթին, մարդիկ փողոց կը նետեն զայն մէկ անգամ կարդալէ ետք:

Ապա Հատտէճեան կը քննադատէ ծիծաղելի արարքը այն մարդոց, որոնք բուռն թափով կը ծափահարեն անձ մը` առանց երբեք մտիկ ըրած ըլլալու անոր հրապարակային ելոյթը: Հեղինակը կը թելադրէ հեռու մնալ կեղծ ծափահարութիւններէ, որոնք միայն թիւր զգացումներ կը յառաջացնեն ծափահարուող  անձին մէջ:

Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ կեղծ ծափահարութիւններու նման, կայ նաեւ կեղծ լռութիւն մը, զոր կը պահեն մարդիկ գնահատանքի արժանի գործի մը նկատմամբ: Կ՛ըսէ, թէ կան մարդիկ, որ կը լռեն արուեստի արժէքաւոր գործի մը դիմաց, այն դիտաւորութեամբ, թէ իրենց թշնամին է այդ գործին հեղինակը: Ոմանք կը լռեն, որովհետեւ կը նախանձին, իսկ ուրիշներ կը լռեն` հատուածական կամ շահադիտական նկատումներէ թելադրուած: Հակառակ այս իրողութեան, կը հաստատէ Հատտէճեան, «երկրագունտին վրայ ամէն օր ամէն վայրկեան միլիոնաւոր տաղանդաւոր մարդիկ կը շարունակեն սքանչելի գործեր բեմ հանել` առանց ազդուելու այդ կեղծ ծափահարութիւններէն եւ կեղծ լռութիւններէն»:

Հատորը կը կրէ խորագիրը 97 յօդուածներէն  մէկուն, որ կը կոչուի «Զրոյց` հինցած գրիչի մը հետ»: Պէտք է ըսել, թէ ապրումով յօրինուած գրութիւն մըն է յիշեալ յօդուածը, ուր հեղինակը կը զրուցէ տարիներու բերումով աշխատանքէ դադրած հին գրիչի մը հետ, զոր իրեն նուիրած է սիրելի բարեկամ մը: Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ նետած է զայն իր գզրոցներէն մէկուն մէջ եւ ամէն անգամ, երբ բանայ այդ գզրոցը, պահ մը կը սեւեռէ իր նայուածքը այդ գրիչին վրայ: Հատտէճեան հետաքրքրական ձեւով կը ներկայացնէ այն երկխօսութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ իր եւ օտար երկրի մը մէջ շինուած գրիչին հետ:  Զրոյցին  հիմնական մտածումը այն է, որ այդ հին գրիչը թէեւ արդիւնաբերուած է օտար ոստանի մը մէջ, բայց կը փոխանցէ Հատտէճեանին հայ լեզուի կապակցութեամբ հետեւեալ զգացումը. «Ես ոչինչ գիտէի այն լեզուին մասին, այն տառատեսակներուն մասին, զոր դուն կը գործածէիր: Բայց շուտով հաղորդուեցայ այդ լեզուին հետ եւ կարծես ես ալ մաս կազմեցի անով ծնունդ առնող մթնոլորտին: Նոյնացայ քեզի եւ քու լեզուին հետ եւ այն ամէն ինչը, զոր թուղթին յանձնեցինք միասնաբար, անպայման բան մը կրեց ինձմէ, հոգ չէ` քու ընթերցողներդ երբեք չկրցան տեսնել այդ մէկը»:

Զրոյցի աւարտին, երբ հին գրիչը իր դառնութիւնը կ՛արտայայտէ հեղինակին` զայն գզրոցի մը մէջ թաղած ըլլալուն համար, Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ ժամանակը այնքան անգութ է, որ չենք կրնար ընդվզիլ անոր դէմ: Թէ` այս առումով, օր մը ի՛նք եւս պիտի նետուի գզրոցի մը անկիւնը, թաղուի փոսի  մը մէջ եւ յաւիտենապէս զրկուի կեանքի բարերար լոյսէն: Թէ` ի՛նք եւս, համատարած մթութեան մէջ, պիտի սպասէ մէկու մը, որ գայ եւ պայծառացնէ իր գործը` կենսանորոգ լոյսով:

Արդարեւ, «Զրոյց` հինցած գրիչի մը հետ» խորագրեալ իր գործով Ռոպէր Հատտէճեան կը ներկայացնէ այլազան երեւոյթներ, որոնք սերտօրէն աղերսուած են ժամանակակից կեանքի բարքերուն հետ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Սեպտեմբեր, 2011

»Պէյրութ

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ 10 – 1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՋԱԽՋԱԽԵՑ ԻԹԹԻՀԱՏ ՀԱՐԵԹ ՆԱԱՄԷՆ ԵՒ ԳՐԱՒԵՑ Գ. ԽՄԲԱԿԻ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ

Յաջորդը

23 Տարի Առաջ Այս Օր Քանդուեցաւ Հայաստանի Գրեթէ Մէկ Երրորդը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.