Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Կը Սպառնայ «Դեղին Բաճկոններ»-ու Ցոյցերուն Ընթացքին Անկարգութիւններ Հրահրած Անձերուն Դէմ Կարծր Քայլերու Ձեռնարկել

December 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, թէ երկրին իշխանութիւնները կարծր քայլերու պիտի ձեռնարկեն այն անձերուն դէմ, որոնք «դեղին բաճկոններ»-ու ցոյցերուն ընթացքին անկարգութիւններ հրահրած են: Այդ մասին ան յայտարարած է «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանին` Չատ իր այցելութեան ընթացքին:

«Ես ամբողջ օրուան ընթացքին ուշադիր հետեւած եմ երկրին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն, այդ մասին ինծի զեկուցած է ներքին գործոց նախարարը: Ամբողջովին յստակ է, որ Ֆրանսայի արդարադատութիւնը կարծր քայլերու պիտի ձեռնարկէ իրաւախախտներուն դէմ», ըսած է Մաքրոն` ընդգծելով, որ այժմ Ֆրանսայի մէջ անհրաժեշտ է ընդհանուր կարգուկանոն եւ համաձայնութիւն հաստատել:

«Ֆրանս Ինֆօ» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ շաբաթ օր բերման ենթարկուած են 220 ցուցարարներ, որոնցմէ 81-ը ձերբակալուած են:

Երկրին ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով, շաբաթ օր Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն մասնակցած է աւելի քան 38 հազար մարդ: Նախորդ շաբաթ անոնց թիւը 66 հազար էր:

Ցոյցերուն ընթացքին Էլիզէի պալատի դաշտերուն մէջ տեղի ունեցած է բախում ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Վերջիններս կիրարկած են արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ:

Նշենք, որ «Դեղին բաճկոններ»-ու ցոյցերը կը շարունակուին վեց շաբաթէ ի վեր:

Նախորդը

Ապպաս Լուծարեց Պաղեստինեան Խորհրդարանը

Յաջորդը

Ինտոնեզիան Հարուածած Ծովաշարժի Զոհերու Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.