Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՓՈՓՈԽՈՒՈՂ ԴԷՄՔԵՐ` ՄԷԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՄԷՋ

December 9, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մայքըլ Ռէյնոյի տեսերիզը կարելի է դիտել` այցելելով հետեւեալ կայքէջը. http://www.dailymail.co.uk/sciencetech/article-2064096/Changing-faces-single-photo-The-image-blow-mind.html#ixzz1fnR9fcz7

ՀԻՓՆՈՍԱՑՆՈՂ ՏԵՍԵՐԻԶ  ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐԷ ԱՆՆԿԱՏ ԿԵՐՊՈՎ ԻՐԱՐՈՒ ՄԷՋ ՄԻԱՁՈՒԼՈՒՈՂ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ, ԴԱՐՁԱԾ Է ՎԱՐԱԿԻՉ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՈՎ ՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՅՍ ՇԱՐԺՈՂ ՊԱՏԿԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ՛ԱՆՃՐԿԷ ՈՒՂԵՂԸ:

Ակնթարթ մը, եւ կը կորսուի պատկերը:

«Ամալկամէյշըն» (միաձուլում) գործն է շարժուն կրաֆիքսի ֆրանսացի արուեստագէտ Միքայել Ռէյնոյի եւ կը պարունակէ սեւ ու ճերմակ լուսանկարներ, որոնք առնուած են Մայքըլ Ճենկի կողմէ:

Համակարգչային ՃԻՖ ծրագիրը օգտագործելով` Ռէյնօ բազմաթիւ լուսանկարներ խտացուցած է այնպէս, որ զանոնք վերածած 1:24 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզի մը:

ՃԻՖ (կրաֆիքս ինթըրչէյնճ ֆորմաթ) ելեկտրոնային պատկերի ծրագիր մըն է, որ շուկայ իջած է 1987-ին:

Այնուհետեւ այս ծրագիրը առաւելաբար գործածուած է` ստեղծելու համար շատ կարճ եւ փոքր շարժուն պատկերներ:

Ռէյնոյի գործը մաս կը կազմէ Մեմըրի Թէյփս վաճառանիշին կողմէ հրապարակուած «Թրիշիփ» տեսերիզներու շարքին: Անիկա կը սկսի Ճենկի «Սամըր ուետըր»  (ամառնային օդ) դիմանկարներու շարքէն քաղուած աղօտ դէմքերով: Լուսանկարները կը պատկերեն 1983-ին պատկերասփիւռի տեղական կայանի մը օդերեւոյթի յայտագիրը վարող հաղորդավար մը գտնելու նպատակով կազմակերպուած մրցանքի մը մասնակցած անձերը:

Տեսերիզին մէջ տարեց թէ երիտասարդ անձերու ժպտացող դէմքերը կը ստանան արտայայտութենէ զերծ պատկեր մը, մինչ անոնք կը ձեւափոխուին, կ՛ընդլայնին եւ կը կծկուին:

Իգական նուրբ գիծեր կը կերպարանափոխուին եւ կը վերածուին բարակ պեխերով արական դիմագիծերու, ապա` պիսակաւոր դէմքերով պատանիներու, որոնք կը ժպտին իրենց ակռաները սեղմող մետաղէ թելերուն ընդմէջէն:

«Կը սիրեմ ՃԻՖ-ը իբրեւ իւրայատուկ ուսմունք: Անիկա կրնայ շարք մը նկարներ օղակել անվերջ, մանրամասնութիւնները շեշտել` հիփնոսացնող շատ կարճ ժապաւէնի մը պէս», կ՛ըսէ Ռէյնօ:

«Հետեւաբար փորձեցի ՃԻՖ-ի միջոցով միաձուլել արդէն միաձուլուած դիմանկարներ, ապա այս գործընթացը հասցուցի իր գագաթնակէտին` ստեղծելով «Ամալկամէյշըն» տեսերիզը», կը բացատրէ ան:

Ռէյնօ իր «Տունուն» ընկերութեան միջոցով կը ստեղծէ եւ կը մշակէ «իւրայատուկ, փոխհակազդեցութեան վրայ հիմնուած եւ ինքնաբնութագրումի ծառայող ծրագիրներ` օգտագործելով ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներ», ինչպէս կը նկարագրէ ան:

«Նպատակս է ստեղծել զարմանք պատճառող գործեր», կը գրէ ան համացանցի իր կայքին մէջ եւ կ՛աւելցնէ, թէ ինք` «տեւաբար կը ձգտի հասնիլ լաւագոյն որակի, նոյնիսկ երբ ոմանք վստահաբար զիս պիտի նկարագրեն իբրեւ ցաւագար մը»:

Այս արտառոց արուեստագէտը իր «Ամալկամէյշըն» գործով  վստահաբար ուշադրութեան կեդրոն դարձած է 19 նոյեմբերէն ի վեր, երբ զայն տեղադրած է տեսերիզներ հրապարակող vimeo.com կայքին մէջ, ուր կը հպարտանայ, թէ ցարդ աւելի քան 12 հազար հոգի դիտած են զայն:

Սակայն պատկերներու փոխանակումի յատուկ կայքերու մէջ, ինչպէս` «Ռետիթ» եւ «Իմկուր»,  այս գործին ժողովրդականութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին. աւելի քան մէկ միլիոն հոգի դիտած է զայն եւ 8 հազար հոգի քուէարկած է այս գործին:

Քուէարկողները անմիջապէս փառաբանանքի խօսքերով գնահատած են գործը: Սակայն ոմանք նախընտրած են հեռու մնալ անոր ետին գտնուող «աչքը ծակող» արհեստագիտութենէն:

«Մեր ուղեղը պատրաստ չէ ասոր», կ՛ըսէ «Ռետիթ»-ի վրայ հրապարակուած կարծիք մը:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՁԵՌՔԵՐԸ ՀՐԱՇԱԼԻ ԵՆ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։