Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, «Կրանտ Չես-Թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ շահեցաւ 135 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Արոնեան պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն:
Տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա` ստանալով 225 հազար ամերիկեան տոլար: Երկրորդ հանդիսացած ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւ ստացաւ 160 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ Քարուանա` 145 հազար ամերիկեան տոլար:



