Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱ ՔԱԹԱՐԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ

December 8, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Տոհայի օդակայանին մէջ իր դեսպանին հետ վատ վերաբերմունքին պատճառով Քաթարի հետ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը կը նուազեցնէ:

Տոհայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը 29 նոյեմբերին դիւանագիտական առաքելութեամբ Յորդանան տուած իր այցելութենէն վերադարձին օդակայանի մաքսատան պաշտօնեաներուն եւ ապահովական ուժերուն կողմէ բիրտ վերաբերմունքի արժանացած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ դեսպանն ու զինք դիմաւորող երկու դիւանագէտներ ֆիզիքական եւ առողջական վնասներ ստացած են: Մոսկուա անցեալ շաբաթ քաթարական իշխանութիւններէն պահանջած էր դէպքին շուրջ անմիջապէս հետաքննութիւն կատարել, յանցաւորները պատժել եւ ապագային անոր կրկնութիւնը չարտօնել:

Քաթարի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ փորձ կատարուած է իր մօտ գտնուող դիւանագիտական նամակ մը քննիչ մեքենայի ճամբով քննել, սակայն նկատի ունենալով, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեսպանատան արտօնութիւն չէ տուած դիւանագիտական նամակներ փոխադրել, իրենք առաջարկած են այդ նամակը սովորականին նման եւ ըստ Վիեննայի համաձայնագիրին լէյզըրով քննել: Սակայն օդակայանի ապահովութեան, մաքսատան եւ ոստիկանութեան պաշտօնատարները զայն քննելու վրայ պնդած են, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակառակ ռուսական կողմի դիմումներուն չէ կրցած հարցը լուծել, ուստի իրենք առաջարկած են նամակը դրացի երկիր մը փոխադրել: Սակայն այդ քայլն ալ մերժուած է:

Դեսպանն ու դեսպանին ընկերակցող դիւանագէտները ստիպուած փորձած են նամակը իրենց ինքնաշարժը տանիլ, սակայն վերոնշեալ պաշտօնատարները փորձած են բռնի ուժով տիրանալ դիւանագիտական այդ նամակին, սակայն ռուս դիւանագէտները յաջողած են նամակը պահել:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ՀԱԿԱՌԱԿ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՏԱՑԱԾ ՔՈՒԷՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՆԿԱՏԱՌԵԼԻ ԱՆԿՈՒՄ ԿՐԵՑԻՆ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։