ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւունքն է խորհրդարանին նամակներ յղել: Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Պըրրի հաստատեց, որ այդ տագնապի լուծման դռները փակ են, եւ ոչ ոք կը փափաքի զիջումներ կատարել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն խնայելու երկրին եւ գթալու լիբանանցիներուն` ազատ արձակելով կառավարութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չհրաժարի կառավարութիւնը կազմելու իր պարտականութենէն, ինչ ալ ըլլան ճնշումները` նախագահական թէ կուսակցական:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի երեսփոխանական պլոքը ընդգծեց կառավարութիւն մը կազմելու եւ անկախ սիւննի երեսփոխանները անոր մէջ ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ երկիրը ապահովական ցնցումներու ենթարկելու իմաստով Հըզպալլա կանաչ լոյս ստացած է:
ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը շատ զոհողութիւններ մատուցած է կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին առումով, իսկ ոմանք բոլոր ծառայութիւնները անոր օգտին կը կատարեն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքները պատճառ պիտի չդառնան, որ Լիբանանի պաշտպանութեան առումով իրենք թերացում արձանագրեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ իր իրաւասութիւններուն օգտագործումը ոչ ոքի դէմ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին հրաւիրելու ազգային հանդիպումի մը` շրջանցելու համար կառավարութեան կազմութեան տագնապը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ ինք կը մերժէ վարչապետի իրաւասութիւնները խախտել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ սադրանքներ պիտի չարձանագրուին, որովհետեւ անիկա որոշ համաձայնագիրներով պաշտպանուած է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին` պաշտպանելու Թրիփոլիի քաղաքացիները:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր հեղինակութիւններէն շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ խստիւ դատապարտեց Ժահիլիայի միջադէպը` հաստատելով, որ Ժահիլիայի մէջ պատահածը ապահով Լեռնալիբանանի դէմ յարձակում կը նկատուի:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ երաշխիք երեսփոխանական պլոքը ընդգծեց, որ ներկայ կացութիւնն ու իրավիճակը բոլորէն կը պահանջեն ինքնազսպումի ենթարկուիլ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները, ինչպէս նաեւ կը սերտէ սահմանադրական այն միջոցները, որոնց համաձայն` կարելի է բոլորը պատասխանատուութեան հրաւիրել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն, Փարիզ, Լոնտոն եւ Մոսկուա արդէն իսկ սկսած են Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւններ ունենալ` կոչ ուղղելով անոր ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ «փապուղիներու ոչնչացում»-ին պատրուակով Լիբանանի դէմ յարձակում չսանձազերծելու:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ երկրին իրավիճակը կրնայ երկար ատեն սառած մնալ, եթէ յաջորդ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը չկազմուի:


