Հինգշաբթի, 6 եւ ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Փորթուգալի Քասքայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` կազմակերպութեամբ Փորթուգալի ողիմպիական կոմիտէին եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին:
Այս համագումարին մասնակցեցան «MEMOS»-ի վկայականի տիրացած 145 մարզական պատասխանատուներ, որոնց շարքին` նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Երկու օրերու վրայ բաժնուած ծրագիրին Ծատուրեան իր մասնակցութիւնը բերաւ դասախօսելով «Ողիմպիական արժէքները յարաբերակա՞ն, թէ՞ բացարձակ» նիւթը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զրոյց:
Նշենք, որ «MEMOS»-ի վկայականը հաստատուած է 1997-էն ի վեր, եւ այդ վկայականին տիրացած են աւելի քան 800 անձեր` 150 երկիրներէ:
Ծատուրեան մինչեւ օրս միակ հայն է, որ տիրացած է միջազգային համբաւ վայելող վկայականին:




