Նախկին նախարար Ղազի Արիտի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով գետնափոր փապուղիի բացայայտումի իսրայէլեան քայլերուն յայտնեց, որ Իսրայէլի կատարածը պարզապէս Լիբանանի վրայ բանեցուած ամերիկեան-իսրայէլեան ճնշում է:
Ան լուսարձակի տակ առաւ նախորդ տարիներուն Իսրայէլի գործած բոլոր ոտնձգութիւնները եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումները:
Արիտի շեշտեց, որ այս զարգացումները պէտք չէ պատճառ ըլլան Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու:
Արիտի նաեւ նշեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու պատճառաբանութեան կարիք չունի:
«Ո՛վ որ այս զարգացումները Հըզպալլան հարուածելու առիթ կը նկատէ, պէտք է անդրադարձած ըլլայ, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը Հըզպալլայի յաղթանակը պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ անիկա քանդէ Լիբանանը», եզրափակեց Արիտի:



