ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է կառավարութեան կազմութիւնը արագացնել` ընդգծելով, որ այս յայտարարութիւնը կատարելէն արդէն իրենց կոկորդը ցաւած է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար զօր. Միշել Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ յարգանքն ու գործադրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին գրաւ չդնելու լիբանանցիին համբերութեան վրայ, որովհետեւ ամէն ինչ չափ ու սահման ունի:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պիտի աշխուժանայ Փտածութեան դէմ պայքարի գերագոյն խորհուրդին հիմնումէն ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ Ժահիլիա ներխուժումը անխոհեմ քայլ մըն էր: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու իմաստով ինք յանձնառու կը մնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր համաձայնութեան:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք չէ շարունակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու իր ընթացքը, այլ` պէտք է լուծումներ գտնէ այդ հարցին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ կոչ ուղղեց անմիջական լուծում մը գտնելու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ պետութեան կերտման նախաձեռնութիւններ առաջադրելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի բարդութիւնները տակաւին առկայ են, սակայն կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ ծնիլ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց չշահագործելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի համբերութիւնը, որ արդէն սկսած է հատնիլ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Ռումել Սապեր հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն տեղեակ չէր Ժահիլիայի մէջ տեղի ունենալիք ապահովական գործողութենէն` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին պատասխան կը սպասեն վարչապետ Սաատ Հարիրիէն` 32 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկին գծով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Ժահիլիա` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Նասիպ Ժաուհարիի: Ժաուհարի իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ամբողջ Լեռնալիբանանը կարմիր գիծ է, իսկ պատահածը մեծ սխալ մըն էր ու թատրոն մը:


