ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Հայ կինը մեր պատմութեան բոլոր դաժան օրերուն ոտքի կանգնած է` պայքարելու բազմազան դժուարութիւններուն դէմ, ամբողջ հայ ազգի զաւակներուն համար: ԼՕԽ-ը հայ ազգի մտահոգութիւններուն եւ անոր սպառնացող վտանգներուն ծնունդն է: Ան իր կամաւոր անդամուհիներու հսկայ փաղանգով, այլազան օժանդակութիւններով կը ծառայէ հայ ընտանիքին: Զանազան միջոցներով կը հոգայ ծերունիին, կարիքաւորին, հիւանդին, աշակերտին եւ ուսանողին:
ՄԱԿ-ը 1985-ի իր ժողովին դեկտեմբեր 5-ը յայտարարեց «Կամաւորներու միջազգային օր»` բոլոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն (NGO) համար, որովհետեւ այդ մարմիններուն մէջ ծառայողները կամաւոր անձեր են, որոնք իրենց ժամանակը կը տրամադրեն օգնելու ուրիշներուն:
ԼՕԽ-ի իրագործած աշխատանքները սիւնակներ եւ հատորներ կրնան լեցնել: ԼՕԽ-ի ծրագիրները օրէ օր կը բազմանան: Կամաւոր ընկերուհիներու պահանջը տարուէ տարի աւելիով կը զգացուի: Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական ընկերուհի կամաւոր զինուորն է հայ ազգին: Ան իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէ իրագործելու համար ԼՕԽ-ի ազգանուէր ծրագիրները: Ամէն ԼՕԽ-ական ընկերուհի օժտուած է որոշ կարողութիւններով: Իւրաքանչիւր ընկերուհիի ներդրումը բաց մը կը ծածկէ, ճիգ մը իր լրումին կը հասցնէ: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն միացեալ ուժը անկործանելի եւ անխորտակելի բռունցք մը կը կազմէ, որ կարողութիւն ունի դէմ դնելու բոլոր խոչընդոտներուն:
Կամաւոր աշխատանքը ո՛չ փառք է, ո՛չ պատիւ: Կամաւոր աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին: Կամաւորը հաճոյքը կ՛ունենայ աշխատանքին արդիւնքը քաղելու: Այդ արդիւնքը ուժ եւ կորով կը ներշնչէ իրեն:
Ամէն ԼՕԽ-ական ընկերուհի կամաւոր աշխատող է: ԼՕԽ-ի աշխատանքը սեւ աշխատանք է: ԼՕԽ-ականը այն անձն է, որ իր հանգիստն ու առողջութինը մոռցած, առանց նիւթական ակնկալութեան, կ՛աշխատի, օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ իր ազգակիցին:
Նախորդ սերունդները դժուարին պայմաններուն մէջ սկսան այս կամաւոր աշխատանքը: Անոնք ծանր բեռը իրենց ուսերուն առած` հասան բոլորին անխտիր: Մենք կը շարունակենք մեր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն առաքելութիւնը եւ կը հաւատանք, որ մեզի յաջորդողներ պիտի գտնուին:
Յարգա՛նք բոլոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն:
Բոլորին վարձքը կատար:


