ՄԵՍՐՈՊ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Մարտ 2011։
Հեռատեսիլի պաստառին դիմաց գամուած` կը հետեւիմ Ճափոնի աղէտներուն` երկրաշարժի եւ ցունամիի ցնցիչ աւերներու անհաւատալի տեսարաններուն: Նոր անուն մը կ՛աւելնայ այս մեծ ողբերգութիւններուն վրայ: Համաշխարհային հիւլէական նոր աղէտ մը. Ֆուքուշիմա վայրին մէջ կառուցուած հիւլէական ելեկտրական կայանի մը մէջ մէկ հնոցը հալած է: Շողարձակումները եւ հրդեհները` անչափելի: Կը քնանամ ուշ գիշերին, եւ մղձաւանջներ կը հալածեն զիս:
Յաջորդ օրը, կանուխ, դարձեալ հեռատեսիլին դիմաց գամուած` կ՛ուզեմ իմանալ Ճափոնի մեծ աղէտներուն մանրամասնութիւնները: Նկարներու շարանը ցնցիչ է, բայց կայ տարբեր նկար մը: Խումբ մը կամաւորներ` տարբեր տարազներ հագած, դէմքերուն վրայ դիմակ, հանդարտօրէն կը բարձրանան քանի մը փոխադրակառքեր ու կ՛ուղղուին Ֆուքուշիմա` չափելու հիւլէական հալած հնոցի աղէտին տարողութիւնը: Անհաւատալի լուր եւ անհաւատալի անձնազոհ կամաւորներ: Շողարձակումը մահացու է քաղցկեղի հարուածով: Վկա՛յ Չեռնոպիլի հիւլէական մեծ աղէտը` տասնամեակներ առաջ:
Այս նոյն առաւօտուն գրասենեակիս յաւերժ արթուն «Վանայ ձայն»-ը կը սկսի իր առաւօտեան լուրերը, բայց նախքան լուրերու սփռումը` ունի կարճ ծանուցում մը. «Ուշադրութիւ՛ն, ուշադրութիւ՛ն. անմիջական կարիքը կայ Օ-արեան, կամաւորներէն կը խնդրուի անմիջապէս ներկայանալ «Հարուն» հիւանդանոց»: Կարճ ծանուցումը կը կրկնուի երկու անգամ ու ապա միջազգային լուրեր եւ անշուշտ` Ճափոնի ահաւոր աղէտները:
Դարձեալ կամաւորներուն վստահուած է բարդ հարցերը լուծել:
Իսկ ովքե՞ր են մեր Պէյրութի կամաւորները, որոնք այս ժամուն առանց մէկ տրտունջի` կ՛ուղղուին «Հարուն» հիւանդանոց` փրկելու համար հայորդի մը կամ մէկ այլ տարբեր լեզու անհատի մը կեանքը:
Ինչպիսի՞ մարդիկ են այս կամաւորները:
Ո՞ր տարիքի են այս կամաւորները:
Ո՞ր սեռին կը պատկանին այս կամաւորները:
Ի՞նչ դիրքերու տէր են այս կամաւորները:
Հարո՞ւստ, թէ՞ աղքատ են այս կամաւորները:
Ի՞նչ բան զիրենք կը մղէ կամաւոր ձեւով հասնելու օգնութեան:
Հարցումներու շարանը կարելի է երկարել, նաեւ` պատասխաներու շարքը թուարկել: Զարգացած եւ մասնագէտ են կամաւորները, բայց նաեւ շատ ալ պարզ մարդիկ են:
Տարբեր կրօններու հաւատացողներ ու նաեւ անհաւատներ են կամաւորները:
Տարբեր քաղաքական համոզումներ ունեցողներ են այս կամաւորները:
Բարձր դիրքերու տիրացած կամ ոչ մէկ դիրք ունին այս կամաւորները:
Հարուստներ եւ աղքատներ են այս կամաւորները: Անձրեւին տակ քալելով` կ՛ուղղուին «Հարուն» հիւանդանոց շարք մը կամաւորներ:
Գութէն վեր, դրամէն վեր, ժամանակէն վեր, պատկանելիութիւններէն վեր, կրօնէն վեր, լեզուէն վեր, ցուցամոլութիւններէն վեր բան մըն են այս կամաւորները:
Մարդկութեան մութ օրերուն մէջ հալող մոմեր են կամաւորները:


