ԵՒՆԻԿԷ ՏՕԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
«Կամաւոր», բառացի նշանակութեամբ` կամքի, ցանկութեան համաձայն, յօժար կամքով աշխատող, ինքնայօժար, առանց հարկադրութեան, յօժարակամ, ոչ պարտադիր եւ նմանօրինակ հոմանիշներ: Եւ կամ` ազատակամ, ինքնակամ, անպարտադիր, անձնայօժար, անբռնազբօս, անբռնադատ, անհամոզելի, կամածին եւ կամովի:
Կամաւորութիւնը կամ կամաւոր աշխատանքը անշահախնդիր գործունէութիւն մըն է, որ կը կատարուի առանց վարձատրութեան: (Յաճախ վարձատրութիւնը կ՛ըլլայ բարոյական գնահատանք, դժբախտաբար երբեմն ալ` քննադատութիւն): Կամաւորութիւնը անհատին ազատ ցանկութիւնն է անվճար աշխատելու` բարելաւելու համար իր շրջապատին ընկերային, մշակութային եւ հասարակական պայմանները:
Կամաւորը պիտի ունենայ անշահախնդիր ծառայելու ներքին տրամադրութիւն, ունակութիւն` հասկնալու դիմացինին ապրումները եւ զանոնք գնահատելու պատրաստակամութիւնը, բարոյական արժէքներու բարձր գնահատանք եւ խմբային աշխատանքի յօժարակամութիւն: Կամաւոր աշխատանքը կարելիութիւն կը ստեղծէ սորվելու, նախասիրութիւններու դուռ բանալու, ուր կամաւորը կը յաջողի իր առաւելագոյնը մատուցանել: ԿԱՄԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ Է:
Կամաւոր աշխատանքի պատմութիւնը կարելի է կարդալ մարդկային պատմութեան սկիզբէն, իսկ քրիստոնէութեան սկզբունքներէն վեհագոյնը գթասրտութեան պատուիրանն է` ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՍԻՐԵԼ, որ իր գործնական արտայայտութեամբ քրիստոնէական կեանքի դրսեւորումն է:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մեծ եղած է թիւը կամաւորներուն, որոնք անշահախնդիր ծառայելու գաղափարը իբրեւ մարդկային արժանիք ընդունած են եւ այդ աշխատանքի դիմաց ոչինչ ակնկալած:
Համաշխարհային մակարդակի վրայ մեծ տեղ կը գրաւեն կամաւորական կազմակերպութիւնները, որոնցմէ կարելի է յիշել «Կարմիր խաչը», «ՄԱԿ-ի կամաւորները» եւ տակաւին ցանկը շատ երկար է. իւրաքանչիւրը կը պարփակէ տասնեակ մը երկիրներ, որոնք հաւատացած են կամաւոր շարժումին եւ աշխատանքին:
Երկու մակարդակի աշխատանք պահանջող կամաւորական շարժումներ ու կազմակերպութիւններ կան:
Ա.- Մասնագիտական բնոյթի կամաւորական աշխատանք, որ հիմնուած է զուտ մասնագիտական գիտելիքներու վրայ:
Բ.- Ոչ մասնագիտական կամաւորական աշխատանք, որ աւելի լայն հասարակական բնոյթ ունի, ուր պարտադիր չեն մասնագիտական գիտելիքները: Հոն շեշտը կը դրուի աւելի մարդասիրական մղումով` ընկերութեան կենսական կարիքներուն հասնելու աշխատանքին վրայ:
Այս երկրորդ տեսակին կը պատկանի Օգնութեան խաչը:
Ժամանակի ընթացքին կամաւոր աշխատանքին նուիրուած անհատի կեանքին մէջ կը տեսնուին հետեւեալ փոփոխութիւնները. խմբային աշխատանքի գիտակցութիւն, գնահատուած ըլլալու բաւարարութիւն, իր ժամանակը արժեւորուած եւ բովանդակալից դարձած ըլլալու վստահութիւն, ինքնավստահութեան ձեռքբերում, որ կը հասցնէ սեփական գնահատման, նորովի գիտելիքներու եւ փորձառութեան ձեռքբերում, աշխատանքային հեռանկարներու բարելաւում, ընկերութեան մէջ անհատին ծառայութեանց կարեւորութիւնը եւ ընկերային շրջապատի ընդլայնում:
1910-ին կարիքը թելադրեց, որ հիմնուի կնոջական կազմակերպութիւն մը` Հայ օգնութեան միութեան անուան տակ, որ կը միտէր ուղղակի նպաստել դիմացի անհատի կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ բերելու` նայած անոր կեանքի պայմաններուն, բարելաւելու այդ պայմանները, ըստ կարիքի, օգնելու անօգնական կամ դժուար իրավիճակներու մէջ գտնուող անձերու եւ աւելի մեծ բանալով կարկինը` օգնելու շրջապատի ընդհանուր կարիքներուն:
1930-ին հիմը կը դրուէր Լիբանանի օգնութեան խաչին, երբ կարիքը կը զգացուէր հայ հասարակութեան մէկ կարեւոր բաժինին ձեռք մեկնելու, անոնց կարիքներուն գէթ մասամբ հասնելու եւ կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու անոնց: Այդ օրերուն էր, որ հիմը կը դրուէր «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան, որովհետեւ իսկապէս պնակ մը կերակուրի կարիքը ունէր գաղթական հայ ժողովուրդի մէկ աչքառու հատուածը, որ տակաւին կ՛ապրէր քէմփերու եւ հիւղաւաններու մէջ:
Ճիշդ է, որ այսօր պատկերը մասամբ փոխուած է, սակայն մօտ 90 տարիներ ետք տակաւին ունինք թշուառներ, խեղճ ընտանիքներ, որոնք իսկապէս կարիքը ունին «պնակ մը կերակուր»-ի: Դժբախտաբար չկարողացանք առաջքը առնել եւ պնակ մը կերակուրի պահանջը վերցնել մեր էջերէն: Անշուշտ հոս պէտք է նշել, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմները առաւել եւս եկան բազմացնելու թիւը կարիքաւորներուն: Ասոր գումարած հայ ծերունիները, որոնց մէկ տոկոսը իսկապէս անտէր են եւ զիրենք հոգացող չունին, իսկ մէկ մասն ալ, թէեւ ունին զաւակներ, սակայն կեանքի պայմանները եղած են այդպիսին, որ իրենց ծնողները մնացած են մասամբ անտէր, եւ որոնց համար դարձեալ պնակ մը կերակուրի կարիքը կը զգացուի: Հոս բարձր գնահատանքով պիտի յիշել «Տէկիրմէնճեան խոհանոցը» եւ անոր յոյժ գնահատելի «Պնակ մը կերակուր»-ի կամ սիրոյ սեղանի ծրագիրը:
Կամաւորներու օրուան առիթով ընկերութիւնը պարտի բարձր գնահատել կամաւորը: Շնորհաւորութի՛ւն Լիբանանի օգնութեան խաչուհիներուն: Պիտի չմոռնանք դասեր քաղել մեր նախնիներէն, պիտի քալենք անոնց ուղիէն` միշտ բարձր պահելով մարդկային արժանիքները, զանոնք ի գործ դնելով հասնելու կարիքաւորին եւ թշուառին:
Ձեր վարձքը կատար, սիրելի՛ խաչուհիներ: Վստահ ձեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ եղած են` ձեր կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ:
Օգտագործուած աղբիւր` համացանց:


