Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑՈՒՄ

December 6, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ձախէն աջ` Կարօ Փամպուքեան, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Լեւոն Թաշճեան

Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2011-ին, կազմակերպութեամբ Անթոնիէ դպրոցի ակումբին, տեղի ունեցաւ դրօշարշաւ մը` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան տօնին: Դրօշարշաւը սկսաւ Ռաշայայի բերդէն, առաւօտեան ժամը 7:30-ին: Դրօշակը մարզիկներուն ու լիբանանեան բանակին միջոցով վազքով ճամբայ ելաւ դէպի նախագահական պալատ: Այս դրօշարշաւին կը մասնակցէին դրօշակի երթի ճանապարհին գտնուող որոշ քաղաքապետութիւններ: Երբ դրօշակը կը հասնէր գիւղ մը, քաղաքապետը կը ստորագրէր զայն ու կը յանձնէր նոր մարզիկի մը, որ շարունակէր երթը: Այնճար եւս մասնակից էր այս դրօշարշաւին: Երբ լիբանանեան դրօշակը հասաւ Այնճարի մուտքին, ժողովուրդն ու քաղաքապետը դիմաւորեցին դրօշակն ու անոր հետեւորդները: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան վեր առաւ անկախութեան խորհուրդը եւ թելադրեց Այնճարի մուտքին ծառատնկում կատարել: Մայրիի ծառեր տնկուեցան ձեռամբ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, Անթունիէ ակումբի պատասխանատուին եւ այնճարցի մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի: Ապա Անթունիէ ակումբի պատասխանատուն մետալ յանձնեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին եւ Լեւոն Թաշճեանին: Այնճարի քաղաքապետը ստորագրեց լիբանանեան դրօշակին վրայ եւ յանձնեց զայն այնճարցի մարզիկ Լեւոն Թաշճեանին, որ շարունակէ լիբանանեան դրօշակի վազքով երթը դէպի նախագահական պալատ: Լեւոն Թաշճեան լիբանանեան դրօշակով կը վազէր դէպի նախագահական պալատ: Ճանապարհին կարգ մը քաղաքապետութիւններ կը դիմաւորէին դրօշակը ծաղիկներով ու ծափողջոյններով: Կարգ մը մարզիկներ մասնակցեցան Լեւոն Թաշճեանի հետ լիբանանեան դրօշակի այս երթին: Մարզիկներուն մէջ ներկայ էին նաեւ լիբանանեան բանակի մարզիկները: Ճանապարհը ապահովուած էր լիբանանեան բանակի ուժերով եւ Կարմիր խաչին կողմէ:

Լիբանանեան դրօշակը վազքով անցնելով Պեքաայէն ու Լեռնալիբանանէն, կտրելով 85 քմ ճամբայ հասաւ նախագահական պալատ: Սոյն դրօշակը իր վրայ կը կրէր ճանապարհին դրօշարշաւին մասնակցող քաղաքապետներուն ստորագրութիւնը: Նախագահական պալատի դրան դիմաց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դիմաւորեց քաղաքապետները, պատասխանատուներն ու մարզիկները: Լիբանանեան բանակի մարզիկ մը եւ Անթունիէի ակումբի մարզիկ մը լիբանանեան դրօշակը յանձնեցին նախագահին: Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց, որ լիբանանեան դրօշակը Անկախութեան բերդէն վազքով բերուած է մինչեւ նախագահական պալատ: Ան յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց մարզիկներուն` նշելով միաժամանակ, որ իրենք են, որ անկախութեան գաղափարը կը փոխանցեն նոր սերունդին: Ապա զօր. Միշել Սլէյման հրաւիրեց ներկաները մտնելու պալատ` իբրեւ իրենց հարազատ տունը:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ 10 – 1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՋԱԽՋԱԽԵՑ ԻԹԹԻՀԱՏ ՀԱՐԵԹ ՆԱԱՄԷՆ ԵՒ ԳՐԱՒԵՑ Գ. ԽՄԲԱԿԻ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.