Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան հայ ժողովուրդի կեանքին, հայրենի զոյգ պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան եւ առհասարակ աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւններ գործադրելու իմաստով: Ընտրութիւններուն նախորդող ընտրական քարոզարշաւը, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդքան ալ առողջ ու քաղաքական երթ եւ ժամանակակից չափանիշներով չ՛ընթանար:
Ամբոխավարութիւն յիշեցնող պայթիւնավտանգ յայտարարութիւնները, լոկ ուշադրութիւն եւ ընտրազանգուած գրաւելու մարմաջը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւններն ու արժէքները ընտրական ժամանակաւոր գործընթացներու մէջ ներգրաւելը անընդունելի եւ դատապարտելի են:
ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի կոմիտէն քաջ կը հաւատայ, որ հայ մարդու եւ հողին (պետութեան) անվտանգութիւն ու արժանապատուութիւնը վեր են ժամանակաւոր ընտրական գործընթացներէն եւ նոյնիսկ` ընտրութիւններուն յաղթութիւն ապահովելիք իշխանութիւններէն, իսկ հաւատարմութիւնը հայ մարդուն եւ հողին` նուազագոյն պարտականութիւնը որեւէ կայացած եւ նպատակասլաց քաղաքական ուժի:
Արդ, ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի կոմիտէն, զգաստութեան եւ խոհեմութեան կոչ կ՛ուղղէ հայաստանեան քաղաքական կեանքի բոլո՛ր ներկայացուցիչներուն առաւել չսրելու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի ընտրարշաւին` ակնկալելով, որ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները կը ցուցաբերեն ազատ, անկաշկանդ, գիտակից ու խոհեմ ընտրութիւն, հեռու` զգացական, յուզական ազդեցութիւններէ:
ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿՈՄԻՏԷ
1 դեկտեմբեր 2018



