Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը, Երեւանի Կենդանաբանական Այգին Եւ Իւրայատուկ Սրճարանը

December 4, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Երեւան քաղաքի բազում հետաքրքրական զբօսավայրերէն մէկն է Երեւանի կենդանաբանական այգին (պարտէզ)` հիմնուած 1940-ին (1): Այգին կը գտնուի Հանրապետութեան հրապարակէն (կեդրոն) շուրջ 4 քմ դէպի հիւսիս- արեւելք` Նորք համայնքի շրջան, Միասնիկեան պողոտայի վրայ, թիւ 20, աջին, ունի 35 հեկտար տարածութիւն (350 հազար քառ. մեթր), որ միջազգային չափանիշներով փոքր կը նկատուի: Պէտք է նշել, որ այգիի պատսպարեալներուն մէջ մեծ է թիւը հայկական աշխարհի բնիկ կենդանիներուն, թռչուններուն եւ սողուններուն:

Երեւանի կենդանաբանական այգիին համայնապատկերը

Այգի այցելութեան ժամերն են` 10:00-22:00, բացի երկուշաբթիէն` 11:00-22:00: Մուտքի գիները բաժնուած են ըստ տարիքի եւ շաբթուան օրուան. չափահասներուն համար հինգշաբթի` 600 դրամ, փոքրերուն` 200, աշխատանքի միւս օրերուն` 800 դրամ, փոքրերուն` 500, շաբաթ եւ կիրակի` 1200 դրամ, փոքրերուն` 600: Կարելի է օգտուիլ առաջնորդողներու վճարովի ծառայութենէն, նաեւ` ներքին շրջագայութեան յատուկ հանրակառքերէն: Այգիին մէջ կարելի է հետիոտն շրջագայիլ շուրջ 1000 մեթր ասֆալթապատ ճամբաներէն եւ շուրջ 500 մեթր արահետներէն: Բոլոր անասունները տեսնելու համար պէտք է նկատի առնել, երթ ու դարձով, շուրջ 3 հազար մեթր շրջագայութիւն (ըստ «Կուկըլ» քարտէսին): Հանգիստի համար նստարաններ տեղադրուած են, եւ կայ մէկ սրճարան-ճաշարան եւ մեզի համար հետաքրքրական դարձած սրճարան մը, որուն պիտի անդրադառնամ նաեւ յուշանուէրներու եւ որոշ անասուններու համար արտօնուած, օրինակ` բադերու, կերի խանութ: Հետաքրքրուողը կրնայ 2-էն 4 ժամ, կամ աւելի շրջագայիլ:

Չորեքշաբթի, 26 օգոստոս 2015-ին այս իւրայատուկ եւ հետաքրքրական այցելութիւնը կատարելու առիթը ունեցայ կնոջս հետ, այդ օրը այցելուներուն թիւը մեծ չէր: Այժմ` երեք տարի անց, ըստ այգիի կայքէջին եւ լրատուամիջոցներուն, շատ մը փոփոխութիւններ եւ բարեկարգումներ կատարուած են, թէ՛ անասուններուն թիւը եւ թէ՛ տեսակները աւելցած են շուրջ 2750 անասուն,  տեսակ` 204 նաեւ, անոնց միջավայրը աւելի յարմարաւէտ դարձած է եւ` համացանցային տեղեկատուական լսատեսողական սարքեր տեղադրուած:

Այն ժամանակ այգիին յատուկ քարտէսով բացիկ կամ գրքոյկ չկար, որ ցոյց կու տար անասուններուն տեսակները եւ այգիին մէջ անոնց գտնուած վայրերը: Չեմ գիտեր, եթէ այժմ այդպիսի օգտակար, առ նուազն, քարտէսով բացիկ մը տրամադրելի՞ է այցելուներուն` ձրի կամ վճարովի:

Այգիի անդրկովկասեան` հայկական գորշ արջերը եւ անոնց ու այլ գազաններու դիմադրող (այգիէն դուրս) հայկական հսկայ գամփռ շան նմուշ մը:

Այգիի մուտքին, աջէն բարձրանալով, նախ կը հանդիպինք առաջին համեմատաբար ընդարձակ բնական արգելարանին, ուր կը գտնուին անդրկովկասեան գորշ արջեր, որոնց տեսակին կը հանդիպինք Հայաստանի` Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Կոտայքի, Արարատի եւ Տաւուշի մարզերու անտառներուն, ժայռերու եւ կիրճերու քարակոյտերուն շուրջ ու քարայրներուն եւ թփուտներուն մէջ:

Շարունակելով շրջագայութիւնը` կը հասնինք գեղեցիկ լճակով հրապարակ մը, ուր կը գտնենք բադեր ու կարապներ, ջրային այլ թռչնազգիներ, արագիլներ, որոնց մէջ աչքառու են յատուկ քալուածքով, զուարճալի կռնչան բադերը, որոնք հաւատարիմ իրենց անուան` անդադար կը կռկռան, որքան ալ կեր նետես անոնց: Քիչ անդին գիշատիչ թռչուններու հսկայ վանդակն է, ուր կը տեսնենք հայկական անգղ, արծիւ, քարարծիւ, բազէ եւ այլն:

Այս բաժինէն անդին` առանձին ենք. շարունակելով` կը հասնինք կոկորդիլոսներու ապակիով բաժնուած արգելարանը, ուր այդ պահուն խնամող պաշտօնեան մաքրութիւն կը կատարէր: Երկար դիտելէ ետք, երկու երկակենցաղներէն ոչ մէկ շարժում նկատեցինք. կասկածելով, որ կեղծ էին, խնամողին հարց տուինք, թէ արդեօք իրակա՞ն էին անոնք. «Պա ո՞նց, էստեղ թանգարան չի, կենդանաբանական այգի է» քիչ մը բարկութեամբ պատասխանեց եւ աւելով քրքրեց կոկորդիլոսը, որ բարեհաճեցաւ շարժիլ: Յստակ է, որ կոկորդիլոսներուն յատուկ որսալու ռազմավարութեան ականատես եղած էինք, երբ որսը մեզի նման կը խաբուի ու կը մօտենայ «որսորդին»:

«Սառած» կոկորդիլոսները, խնամողը ու վանդակէ դուրս «Փողոց»-ի կատուներուն եռանդամ ընտանիքը

Զուգադիպօրէն, այդ տարին, սկսելով օդակայանի վարձակառքերու վարորդներէն, գրեթէ բոլորին խօսակցութեան նիւթն էր որոշ խաւի մը նոր ճաշատեսակը` կոկորդիլոսի միսը, որուն քիլոկրամը կ՛ըսէին կ՛արժէր, 500-700 տոլար…

Քիչ անդին ներկայացուած էին գեղեցիկ փետուրներով եւ կատարներով թռչուններ` սիրամարգ եւ այլն, ոզնիի տեսակներ, ապա` այլ գիշատիչ թռչուններ: Հաճելի անակնկալ էր այս վանդակներէն մէկուն դուրսը, մեր ոտքերուն մօտ գտնուող սովորական կատուներուն ընտանիքը` մայր եւ երկու ձագեր, որոնք թէեւ այգիի պաշտօնական ցուցակին մաս չէին կազմեր, սակայն անոնք իրենք զիրենք կը ցուցադրէին, կարծէք` ըսելով. «Մե՛նք ալ կենդանի ենք»:

Կը շարունակենք պտոյտը, ընդհանրապէս` նայուածքնիս դէպի վար, ուր կը գտնուէին վանդակները եւ անասունները, երբեմն` ճամբէն ցած. ապա շարունակելով շրջագայութիւնը դէպի ձախ` ճամբան անել էր, եւ դիմացնիս կը յայտնուի հնամենի բնակարանի մը ետեւի կողմը:

Յանկարծ տարօրինակ նախազգացումով մը նայուածքս կ՛ուղղեմ վեր ու պահ մը ահազանգի կը մատնուիմ. հազիւ երեք մեթր անդին ու երեք մեթր բարձրութեան վրայ, տան պատշգամին անշարժ նստած էր, առաջին ակնարկով` կարծես վանդակէն փախած առիւծի կորիւն մը, որ խի՛ստ նայուածքով մեզ կը դիտէր: Սթափելէ ետք հասկցայ, որ մեզ աչալուրջ քննողը շուներու թագաւոր, որոնց մասին կարդացած էի, առիւծի բաշերով, առայժմ անվնաս, հայկական գամփռ շուն մըն էր: Այս գամփռն ալ, կատուներուն նման, այգիի ցուցակէն դուրս` ինքզինք կը ցուցադրէր:

Այգիին «պահակը»` հայկական գամփռը եւ շուներուն թագաւոր` հայկական այլ գամփռ մը

Քիչ ետք անակնկալ կերպով թեթեւ անձրեւ մը սկսաւ ու փնտռելով պատսպարան մը` նկատեցինք շուրջ հարիւր մեթր անդին, քիչ մը բարձրութեան վրայ ծառ մը եւ տակը նստարաններ: Հասանք այնտեղ, որ տան մը առջեւ, քանի մը սեղաններով սրճարանի նման վայր մըն էր, որուն վերեւը տասնեակ մը լոյսերու ցանց մը կար: Այս տեղին մասին որեւէ վահանակ կամ գրութիւն չնկատեցինք, նստանք ծառին տակ գտնուող սեղանին շուրջ: Օգոստոս ամսուան մէջ 40 աստիճանի հասնող տաքին` պատրաստուած չէինք անձրեւին, որ սկսաւ սաստկանալ եւ ծառին հովանին բաւարար չեղաւ մեզ անձրեւէն բոլորովին պաշտպանելու:

Այդ պահուն տան դուռը բացուեցաւ, ու մարդ մը մեզ ներս հրաւիրեց. նախ կարծելով, որ անձնական բնակարան մըն էր, քաղաքավարութեամբ դժկամեցանք ընդառաջել, սակայն իր պնդումին վրայ քանի մը աստիճան բարձրանալով` ներս մտանք: Բարձր առաստաղով, պատերէն կախուած հետաքրքրական հայկական հին իրերով եւ նկարներով, միջակ չափի սենեակ մըն էր` քանի մը իւրայատուկ ձեռակերտ  սեղաններով եւ աթոռներով: Յստակացաւ, որ փոքր սրճարան-ճաշարանի մը մէջ էինք, ուր տէր եւ տիկին կը սպասարկէին, ուստի հայկական սուրճ ապսպրեցինք:

Պարոն Խոսրովը (մոռցած ըլլալով իր անունը` այդպէս պիտի կոչեմ զինք, քանի կը յիշեմ, որ պատմական անուն մը ունէր) բերաւ սուրճը` իւրայատուկ կաւէ գաւաթներու մէջ, իրենց իւրայատուկ ամաններով եւ նոյնպիսի ամանով մը անուշեղէն: Կինս` սուրճի գաւաթի արուեստաճանաչ, հարցուց, թէ ուրկէ՞ ձեռք բերած էր այս խեցիէ գաւաթները: Պարոն Խոսրովին աչքերը փայլեցան ու սկիզբ առաւ այգիին չափ հետաքրքրական մեր զրոյցը: Ըսաւ, որ իւրաքանչիւր կաւէ գաւաթի եւ պնակի վրայ գծուած են Հայաստանի քարայրներուն եւ ժայռերուն վրայ յայտնաբերուած հնադարեան որմանկարներէն եւ փորագրութիւններէն կենդանակերպերու նմուշներ, նաեւ` տալով պատմական տեղեկութիւններ:

Պարիս Հերունի եւ Քարահունջէն բաժին մը Արենիի քարայրը եւ 5500 տարեկան կօշիկը

Այս նիւթին առնչակից` յաջորդեց Արենիի քարայրերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած 5500 տարեկան աշխարհի հնագոյն կաշիէ կօշիկին (2) եւ հնագոյն գինեգործութեան պեղումներուն մասին իր տեղեկութիւնները, որմէ անցնելով` հասանք Արենիէն ոչ հեռու` 7500-էն 14.000 տարուան հնութիւն ունեցող աստղադիտարանին` Քարահունջին կամ «Զօրաց քարեր»-ուն եւ անոնց մասին իր տեսութիւններուն (3):

Ըստ երեւոյթին, բնագիտութեան գիտնական, ռատիօ-աստղագէտ Պարիս Հերունիի (4) (1933-2008) ջերմեռանդ հետեւորդներէն ես, ըսի. ուրախացաւ: Այստեղ յիշեցի զուարճախօս ծանօթներէս մէկուն արտայայտութիւնը, երբ տարիներ առաջ Պարիս Հերունիի հեռատեսիլի ելոյթներէն մէկուն յաջորդող օրը ինծի ըսաւ. «Գիտե՞ս Քարահունջի պեղումներուն ընթացքին հազարամեայ բջիջային հեռաձայն մը յայտնաբերած են…», ակնարկելով Հերունիի չափազանցելու սովորութեան: Իսկապէս, սակայն, բազմագէտ ու ժրաջան հետազօտող էր Հերունին, ան հայոց պատմութիւնը փաստերով ներկայացուցած է իր գիտական նուաճումներով, միշտ գիւտարար հայ միտքը գերադասելով` իբրեւ ռահվիրայ աշխարհի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ:

Մոռցած էինք անձրեւը եւ մեր զրոյցը հասաւ այլամոլորակային  հաւանական բնակիչներուն, անոնց թռչող սկաւառակներուն, ամերիկեան ցամաքամասը իսկապէս առաջին անգամ յայտնաբերողներուն եւ «անջրպետէն հսկայ եկուորներուն», որոնք ենթադրաբար կառուցեցին Եգիպտոսի եւ Հարաւային Ամերիկայի բուրգերը եւ Քարահունջը ու անոր նմանող Անգլիոյ աւելի արդի Սթոն Հենճը եւ այլն…

Հայկական վտանգուած մուֆլոն այծը                                         եւ հարաւամերիկեան այծուղտի ձագը

Ըստ երեւոյթին, կարդացած ես Էրիք Վոն Տանիքենի (1935) (5) գիտա-առասպելական խիստ հետաքրքրական 87 վէպերէն, որոնցմէ տասնեակէ մը աւելին կարդացած էի 1960-70-ական թուականներուն, ըսի, եւ համաձայնեցանք, որ անոնք հաւանական տեսութիւններէ անդին չեն անցնիր: Թէեւ նորվեկիացի Թոր Հայերտահլի (1914-2002) 1947-ի «Քոն-Թիքի» արշաւախումբը նախնական միջոցներով եղէգէ շինուած լաստով մը Խաղաղական ովկիանոսը կտրեց` Փերուէն հասնելով Փելոփոնեզեան կղզիներ (6), ապա 1969-ին հին եգիպտական նկարներու օրինակով,  պապիրուս եղէգէ շինուած «Րա» նաւով փորձեց Ատլանտեանը ճեղքել` Մարոքէն Ամերիկա հասնելու համար եւ վերջապէս 1970-ին` «Րա2»-ով յաջողեցաւ Պարպատոս հասնիլ (7)` փաստելով հաւանականութիւնը, որ Քոլոմպոսէն շատ առաջ ամերիկեան ցամաքամասը յայտնաբերուած էր:

Անձրեւը արդէն դադրած էր, շնորհակալութեամբ հրաժեշտ տուինք պարոն Խոսրովին` շատ հետաքրքրական զրոյցին համար, որ բնա՛ւ ապրուստի կամ այլ հարցերու մասին չգանգատեցաւ եւ շարունակեցինք մեր շրջագայութիւնը` ամբողջացնելով իսկապէս հաճելի ու հետաքրքրական օր մը:

30 հոկտեմբեր 2018

————————-

(1)  http://www.yerevanzoo.am/index.php?id=138&L=1
(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/Areni-1_shoe
(3)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Քարահունջ
(4)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Պարիս_Հերունի
(5)  https://en.wikipedia.org/wiki/Erich_von_D%C3%A4niken
(6)  https://en.wikipedia.org/wiki/Kon-Tiki_expedition
(7)  https://en.wikipedia.org/wiki/Thor_Heyerdahl#Boats_Ra_and_Ra_II

Նախորդը

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Յաջորդը

Պաքուն Ամերիկեան Մուրճի Եւ Իրանական Սալի Արանքում

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.