Ա. Ա.
Արցախի տագնապը բանակցային հոլովոյթէն այլ հարթակ փոխադրելու ազրպէյճանական դիւանագիտութեան ճիգերը կը դառնան ընդհանուր քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ, որուն միակ նպատակն է Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութիւնը մերժող կողմը, որ գրաւուած պահելով «ազրպէյճանական տարածք»-ները` չի ձգտիր տագնապին լուծման:
Բանակցութիւններու սեղանին շուրջ մինչեւ այսօր շօշափելի ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուած է` ինչ կը վերաբերի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու հեռանկարին: Արցախի` իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան գոյութեան, գոյատեւման եւ ապահովութեան երաշխաւորման տրամաբանական եւ արդարացի իրաւունքի մերժմամբ` Ազրպէյճան թէ՛ ներքին սպառումի եւ թէ՛ արտաքին յարաբերութիւններու համար կը գործածէ եզրեր եւ եզրայանգումներ, որոնք ամբողջովին խեղաթիւրուած պատկեր մը կը ներկայացնեն:
Նորագոյնը Ազրպէյճանի փոխնախագահ Ալի Հասանովի կողմէ Հայաստանի ուղղուած հրաւէր մըն է, զոր ան հրապարակած է թրքական Անատոլու լրատու գործակալութեան միջոցով: Հարցազրոյցին մէջ Հասանով Հայաստանը հրաւիրած է` միանալու Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական ծրագրերուն, որոնք արդէն իսկ կը գործադրուին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի աշխուժ մասնակցութեամբ: Այս հրաւէրը, սակայն, ունի նախապայման մը, որ այնքան ալ անակնկալ մը չէ: Հայկական կողմը պէտք է վերջ տայ «ազրպէյճանական տարածք»-ներու գրաւման: Այսինքն Արցախը եւ ազատագրուած միւս տարածքները յանձնէ Ազրպէյճանի:
Խօսելով Թուրքիա-Ազրպէյճան առեւտրատնտեսական գործակցութեան մասին` Հասանով նշած է, որ այս գործակցութիւնը ոչ մէկ վնաս եւ վտանգ կը սպառնայ դրացի Հայաստանին, աւելցնելով, որ Ազրպէյճան պատրաստ է խաղաղութեան եւ բարօրութեան հաստատման:
Անշուշտ տարիներէ ի վեր Հայաստանը տնտեսական ծանր շրջափակման մէջ պահող Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, ըստ Հասանովի, ոչ մէկ վտանգ կը սպառնան Հայաստանի: Ասիկա դիւանագիտական տրամաբանութիւն մըն է, որ կը ձգտի Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ բռնագրաւող պետութիւն մը: Եւ եթէ հայկական կողմը իսկապէս բռնագրաւած է, ըսենք, «ազրպէյճանական տարածք»-ներ, ուրեմն անխուսափելիօրէն կը վերածուի մեկուսանալու ճակատագրին ենթակայ երկրի մը: Հոս` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ոչ մէկ «դերակատարութիւն» ունին Հայաստանի տնտեսական շրջափակման մէջ, որովհետեւ Հայաստան ինքն է, որ ինքզինք այդ կացութեան մէջ դրած է:
Հասանովի տրամաբանութեան երկրորդ բաժինը կ՛ամբողջացնէ Պաքու-Անգարա համարկումը: Ըստ Ազրպէյճանի փոխնախագահին, Հայաստան անհիմն պնդումներ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ եւ յստակ է, որ «անհիմն պնդումներ»-ը կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջներուն: Ասիկա ընելով` Երեւանի իշխանութիւնները կը վտանգեն իրենց սեփական ժողովուրդը:
Ուրեմն, որպէսզի Հայաստան կարենայ մասնակից դառնալ Հարաւային Կովկասի տնտեսական ծրագրերուն, ինչպէս` կազատարներ, երկաթուղիներ եւ այլ նախագիծեր, պէտք է նախ «ազրպէյճանական տարածք»-ներէ հեռացնէ բռնագրաւող իր ուժերը:
Հայաստանը իբրեւ գրաւող եւ յարձակողապաշտ պետութիւն մը ներկայացնելու Հասանովի նպատակը առաւել կը հասկցուի, երբ հարցազրոյցի աւարտին կը նշէ, որ Ազրպէյճան Հայաստանի դէմ չէ, ընդհակառակը, Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ, որպէսզի խաղաղութեան հաստատման իրաւական պահանջները կատարէ:
Մէկ կողմէ ապատեղեկատուութիւն տարածելով սահմանին վրայ հայկական ուժերու կողմէ զինադուլին օրական մինչեւ հազար անգամ խախտման դէպքերու մասին, միւս կողմէ` օրն ի բուն ցուցադրելով ազրպէյճանական բանակին կատարած ռազմափորձերուն թէ ձեռք բերած զէնքերուն տեսանիւթերը, տակաւին, ռազմագերիներու փոխանակման խեղաթիւրուած տարբերակներու մասին ծանուցելով կամ միջազգային հարթակներու վրայ հայկական շահերուն դէմ բացայայտ պայքար մը շղթայազերծելով` Ազրպէյճան իր հակահայ քաղաքականութեան բաղադրիչները կը համատեղէ, որպէսզի հայկական կողմը ներկայացուի արդարութիւնը արհամարհող բռնագրաւող մը, որ պէտք է զգաստութեան հրաւիրուի:
Նման քաղաքականութիւն կիրարկող Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստիլը կը պահանջէ երկու բան: Նախ` բոլոր տեսակի անհասկացողութիւններէ զերծ յստակ եւ միացեալ կեցուածք` հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ: Երկրորդ` դիւանագիտական ծրագրուած աշխատանք` հակադարձելու Հասանովի, Մամետիարովի եւ բոլոր անոնց, որոնք «Մենք Հայաստանի դէմ չենք, մենք պարզապէս Հայաստանի կոչ կ՛ուղղենք, որ խաղաղութեան նպաստող քայլերու դիմէ» ըսելով` զոհը դահիճ ներկայացնելու ճիգին լծուած են:



