Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումը պաշտօնեաներուն իրաւունքն է, որ ջնջելու պարագային յեղափոխութիւն կրնայ յառաջացնել:
Պըրրի յայտնեց նաեւ, որ ինք այս թղթածրարին վերաբերեալ քննարկումներ կատարած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ իր կարգին հաստատած է, որ կառչած կը մնայ պաշտօնեաներուն իրաւունքին:
Միւս կողմէ, Պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նազիհ Ժապպաուի յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը` անդրադառնալու համար պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումի թղթածրարին:
Ժապպաուի հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումի որոշումը վերատեսութեան ենթարկելը ժողովուրդի իրաւունքին դէմ գործուած ոտնձգութիւն է: «Անշուշտ ժողովուրդը փողոց պիտի իջնէ, եւ այս անգամ շատ աւելի բարդ պիտի ըլլայ կացութիւնը», ըսաւ ան:
Ժապպաուի ընդգծեց, որ Պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկան կտրականապէս կը մերժէ այս իրավիճակը` աւելցնելով, որ երկրին տնտեսական տագնապալի կացութիւնը յաւելումները վերատեսութեան ենթարկելով կարելի չէ լուծել:
Պըրրի Ընդունեց Արիտին
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Արիտի հաստատեց, որ պէտք է սկսիլ նոր փուլ մը` երկրին փրկութեան ի խնդիր:
Արիտի ցաւ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, այլ ամէն բան տեղքայլի մէջ է:



