Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Տիպ նախագահ Աունին յանձնեց անյայտ կորսուածներու օրէնքէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ քննարկեց այս թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Տիպ շեշտեց, որ «խորհրդարանին մէջ վաւերացուած այդ օրէնքը պատմական նուաճում մըն էր, որ նախագահ Աունին կը պարտինք»` աւելցնելով, թէ նախագահ Աուն եղած է առաջինը, որ պահանջած է նման օրէնք մը մշակել եւ վաւերացնել:
Տիպ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք նախագահ Աուն անձամբ պիտի հետեւի անյայտ կորսուածներու թղթածրարին:



