Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն» Հիւրընկալեց Ռուսիոյ Դեսպանը

December 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը քաղաքական իր յայտագիրներէն մէկուն ընթացքին հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որ հաստատեց, որ Մոսկուա տակաւին Լիբանանի պաշտօնական պատասխանը չէ ստացած` երկրին նուիրուելիք ռուսական զինուորական օժանդակութեան առնչութեամբ:

Զասիփքին նշեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին այդ մասին լիբանանեան պաշտօնական պատասխանը պիտի իմանան` աւելցնելով, որ զինուորական այդ օժանդակութիւնը Ռուսիոյ կողմէ նուէր մըն է` ըլլայ ան բանակին թէ Ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Զասիփքին հաստատեց, որ Ռուսիա կը քաջալերէ լիբանանցիները կառավարութիւնը կազմելու իմաստով, սակայն ռուսական նախաձեռնութիւն մը կամ շօշափելի առաջարկ մը չկայ այդ իմաստով: «Մենք ուրախ ենք, որ Լիբանան կը ջանայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն ունենալ», ըսաւ ան:

Զասիփքին հաստատեց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով ռուսական նախաձեռնութիւնը աշխուժ է եւ շինիչ` ընդգծելով սակայն, որ այդ տունդարձը աշխուժօրէն չի գործադրուիր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Ծոցի երկիրներ չեն օժանդակեր տունդարձի իրականացման, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կ՛օժանդակէ:

Ռուս դեսպանը հաստատեց, որ մեծ թիւով պետութիւններ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը կ՛օգտագործեն սուրիական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար:

Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա նոյն կեցուածքին վրայ կը գտնուի տագնապին առաջին իսկ օրէն: «Մենք սուրիական իշխանութիւններուն կը զօրակցինք, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն սուրիական պետութիւնը: Մենք Սուրիոյ մէջ կը կռուինք ահաբեկչութեան դէմ եւ պետութիւնը պահելու համար», ըսաւ ան:

Զասիփքին զօրակցութիւն յայտնեց սուրիական ազգային երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տագնապին լուծում ապահովել: «Այս իմաստով Մոսկուա սուրիական բոլոր կողմերուն հետ կը զօրակցի», յայտնեց ան:

Ռուսիոյ մէջ ապահովական խախտումներու արձանագրման մասին հարցումի մը պատասխանելով Զասիփքին հաստատեց, որ ռուսական իշխանութիւնները պէտք եղած ապահովական միջոցառումները կ՛որդեգրեն` հակակշռելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ լարուածութեան` Զասիփքին շեշտեց, որ ինք զինեալ բախումներու հաւանականութիւն չի տեսներ: «Ռուսիոյ եւ այլ պետութեան միջեւ պատերազմ չեմ նախատեսեր, որովհետեւ նման դէպքի պարագային անիկա պիտի վերածուի համաշխարհային աղէտի», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Հարիրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը

Յաջորդը

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Պաշտօնեաներուն Իրաւունքն Է, Որ Ջնջուելու Պարագային Յեղափոխութիւն Կը Յառաջացնէ»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.