Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ, ԱԷՔ Աթէնք – Այաքս Ամսթերտամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին կատարուեցան անկարգութիւններ` յունական խումբի համակիրներուն եւ հոլանտացի համակիրներուն միջեւ:
Յոյն համակիրները մրցումին ընթացքին պայթուցիկներ եւ հրավառ նիւթեր նետեցին հոլանտացի համակիրներուն յատկացուած թրիպիւնին ուղղութեամբ:
Մրցումէն ետք այդ անկարգութիւնները շարունակուեցան նաեւ փողոցը, եւ յոյն համակիրները յարձակեցան Այաքսի համակիրներուն վրայ:
Արձանագրուեցան բազմաթիւ վիրաւորներ, յայտնեց յունական ոստիկանութիւնը:



